Նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց Ֆրանսական խորհրդարանէն պատուիրակութիւն մը եւ այլ պատուիրակութիւն մը` Անգլիական արաբական կազմակերպութենէն: Զոյգ հանդիպումներէն ետք Աուն տուաւ ասուլիս մը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը ակնկալուածէն աւելի արագ կ՛ընթանայ` նշելով, որ «կառավարութեան կազմութիւնը Լիբանանէն քիչ մը ժամանակ կը խլէ, որովհետեւ Լիբանանի վարչակարգը համախոհական է, եւ ազգային միասնական կառավարութեան մէջ բոլոր կողմերուն մասնակցութիւնը անհրաժեշտ է»: Ան ընդգծեց, որ երկրին բարգաւաճման ընթացքը պիտի ամբողջանայ շարք մը կենսական օրէնքներ հաստատելէ ետք, իսկ տնտեսական զարթօնքին համար նկատի առնուած ծրագիրները պիտի սկսին գործադրուիլ կառավարութեան կազմութենէն անմիջապէս ետք:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը անհրաժեշտ քայլերը պէտք է առնէ` լուծելու համար Սուրիայէն տեղահանուածներուն տագնապը եւ ո՛չ ուշացնէ անոնց տունդարձը, ո՛չ ալ աշխատանք տանի զանոնք ահ ու սարսափի մատնելու տունդարձի գաղափարէն, ինչպէս որ կարգ մը հաստատութիւններ կը կատարեն: