Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Պատրիարք. «Մենք Որքա՞ն Հեռու Ենք Իսկական Խաղաղութենէն»

December 25, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Պքերքէի մէջ արտասանած իր պատգամին մէջ հաստատեց, թէ եկեղեցին կը կերտէ այն խաղաղութիւնը, որ յանձնարարուած է Յիսուս Քրիստոսի կողմէ` շարունակելով Անոր բացած ուղիէն քալել, հոգ կը տանի եկեղեցւոյ զաւակներուն, կ’ամրապնդէ անոնց ներուժը եւ կը զգուշացնէ` անոնց սպառնացող ամէն տեսակի վտանգէ: «Արդարեւ, մարդկութեան ճակատագիրը սերտօրէն կապուած է Յիսուսին, եւ կարելի չէ զանոնք անջատել», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը դիտել տուաւ, որ եկեղեցին կարիք ունի սերտ համագործակցութեան կառավարութեան հետ, որուն անդրանիկ պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ հոգալ քաղաքացիներուն կարիքները, որովհետեւ կարելի չէ խաղաղութեան հասնիլ, եթէ մարդիկ զրկուած ըլլան տարրական պայմաններէն, աշխատանք չունենան, բնակութեան կարելիութենէ զրկուին, չկարենան ընտանիք կազմել եւ բժշկական խնամքի ենթարկուիլ:

Պշարա Ռայի պատրիարքը նշեց, որ քաղաքականութիւնը, կառավարական համակարգը, անոր նիւթական կարողականութիւնը ստեղծուած են ժողովուրդին ծառայութեան ի խնդիր, իսկ եթէ համապատասխան կողմերն ու անձնաւորութիւնները չեն կատարեր այդ պարտականութիւնը, անոնք իրենց ժողովուրդին իսկ կը դաւաճանեն` փտածութեան մէջ իյնալով, հաւաքականը անձնականի ծառայեցնելով, յօգուտ իրենց շահերուն առաջնորդուելով:

«Համապատասխան կողմերը կը շարունակեն ձգձգել կառավարութեան կազմութիւնը, զանազան տեսակի խոչընդոտ եւ արգելք կը ստեղծեն` անտեսելով այն իրականութիւնը, որ այս բոլորին պատճառով նիւթական ի՛նչ վնասներ կ՛արձանագրուին, ժողովուրդը որքա՛ն կը տուժէ: Ասիկա արդեօք ոճիր չէ՞», հարց տուաւ ան:

Ըստ պատրիարքին, նախարարութիւններուն եւ կառավարական կառոյցներուն մէջ տարածուած փտածութեան, տնտեսական անիւի շրջագայութեան կասեցման պատճառով երկիրը նիւթական այսքան վատ վիճակի մէջ յայտնուած է արդէն, պարտքերը կուտակուած են, եւ կացութիւնը բաւական վտանգաւոր սահմաններու հասած է:

Ան նկատել տուաւ, որ խաղաղութեան հասնելու ճամբան բարգաւաճումն է. «Իսկ որքա՞ն հեռու ենք մենք այդ իսկական խաղաղութենէն, մանաւանդ որ մեր պատասխանատուները կը շարունակեն անհոգութեամբ հարուած հասցնել քաղաքացիին ու ընկերութեան` իրենց որդեգրած քաղաքական գործելաոճով ստեղծելով տնտեսական, ընկերային եւ ապրուստի ահաւոր դժուարութիւններ»:

Ռայի պատրիարքին համաձայն, խաղաղութեան աղբիւրը մարդկութեան արժանապատուութեան պահպանումին մէջ կը կայանայ, անիկա Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած հոգեւոր, նիւթական եւ ընկերային բարիքներուն ընդմէջէն կը դրսեւորուի, որպէսզի ան կարենայ ապրիլ ինքնաբաւ, հանգիստ ու խաղաղ կեանք մը` հեռու թշնամութիւններէ եւ ատելութենէ: Ան հաստատեց, որ առանց այս բոլորին ուրախ կեանք կարելի չէ ունենալ, իսկ առանց ուրախ ու հանգիստ կեանքի կարելի չէ խաղաղութիւն վայելել: Լիբանանի մէջ այս բոլորին բացակայութեան պատճառով սկսած է աղքատութիւնը վտանգաւոր տոկոսներու հասնիլ, երիտասարդութիւնը անգործ է,  արտագաղթի դռները լայնօրէն բացուած են, տնտեսական, ապահովական, ընկերային եւ կենցաղային բեռը հետզհետէ աւելի ու աւելի կը ծանրանայ լիբանանցիներուն ուսերուն, յայտնեց ան:

Իր պատգամը եզրափակելով` Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղած է Աստուծոյ վերադառնալու, Յիսուս Քրիստոսի բացած ուղիէն քալելու, խաղաղութիւն կերտելու երկրագունդին վրայ, Լիբանանի մէջ, մեր ընտանիքներուն, ընկերութեան, եկեղեցւոյ եւ պետութեան մէջ` սէր սփռելով ամէնուրեք:

 

 

Նախորդը

Նեպիհ Պըրրի Լիբանանեան Կացութիւնը Մտահոգիչ Կը Նկատէ

Յաջորդը

Վարչապետ Հարիրի Շնորհաւորեց Լիբանանցիները

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.