Նախագահ զօր. Միշել Աուն կը շարունակէ կառավարութեան կազմութեան առնչուած աշխատանքները, որոնց ծիրին մէջ ան երէկ ունեցաւ շարք մը տեսակցութիւններ:
Զօր. Աուն հանդիպում ունեցաւ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի հետ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Աունին` Ազգային գրադարանի բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուելուն համար: Անոնք քննարկեցին երկրին քաղաքական իրավիճակն ու կառավարութեան կազմութեան ընթացքը:
Երեսփոխան Անթուան Փանօ տեսակցութիւն ունեցաւ հանրապետութեան նախագահին հետ եւ քննարկեց քաղաքական վերջին իրադարձութիւնները: Աւարտին, Փանօ յայտարարեց, որ նախագահը շնորհաւորած է Ս. Ծննդեան տօնին առիթով եւ անոր հետ խօսած կառավարական իրավիճակին մասին: Երեսփոխանը իր գոհունակութիւնը յայտնեց կառավարութեան կազմութեան համար տարուած վերջին շրջանի ջանքերուն համար, որոնց շնորհիւ շուտով պիտի կազմուի նոր կառավարութիւնը:
Նախկին նախարար Ժոզեֆ Հաշեմ եւս այցելեց նախագահին եւ անոր հետ քննարկեց Լիբանանի ընկերային եւ առօրեայ կեանքի հարցերը:
Աուն նաեւ ընդունեց Ժունիէի քաղաքապետ եւ Քեսրուանի քաղաքապետութիւններու միութեան նախագահ Ժուան Հըպէյշը` ընկերակցութեամբ Ժունիէի քաղաքապետարանի խորհուրդի պատուիրակութեան եւ ներկայութեամբ հանրապետութեան նախագահի ճարտարագիտութեան հարցերու խորհրդական ճարտարագէտ Անթուան Սայիտի: Անոնք խօսեցան Քեսրուանի շրջանի բարգաւաճման ծրագիրներուն, ինչպէս Ժունիէի զբօսաշրջական նաւահանգիստի եւ Ժունիէի մայրուղիի ծրագիրներուն մասին:



