Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Այցելեց Վարչապետ Հարիրիի

December 21, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, երէկ այցելեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Մէկուկէս ամիս առաջ այս վայրէն յայտարարեցինք 48 ժամէն կառավարութիւնը կազմելու հաւանականութիւնը, սակայն այսօր վստահ ենք եւ կ՛աւետենք լիբանանցիներուն, թէ հասած ենք կառավարութեան կազմութեան վերջին վայրկեաններուն: Կը հաւատանք, որ այլեւս ոչ մէկ մանրամասնութիւն կայ, որ կրնայ կառավարութեան կազմութեան ուշացումը պատճառել: Հետեւաբար Նոր տարին դիմաւորելու կողքին, պիտի դիմաւորենք նաեւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը»:

Երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ վարչապետ Հարիրիի հետ քննարկած են Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական մարզերը յուզող հարցերը, ինչպէս նաեւ անդրադարձած կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին:

«Շնորհակալութիւն յայտնեցինք վարչապետ Հարիրիին, անոր ի գործ դրած ջանքերուն համար, եւ ան իր կարգին հաստատեց, որ նոր կառավարութեան մէջ հայ համայնքին ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովուած է, այլ խօսքով` նոր կազմուելիք կառավարութեան մէջ պիտի ըլլան երկու հայ նախարարներ, որոնցմէ մէկը` Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅ Դաշնակցութեան նախարարը պիտի ստանձնէ նախարարութիւն», ընդգծեց երեսփոխան Բագրատունի:

Ան մաղթեց, որ կառավարութիւնը շատ արագ կազմուի, որպէսզի կարելի ըլլայ աշխատանքը շարունակել ու արդիւնաբեր ըլլալ, որովհետեւ ժողովուրդին համբերութեան բաժակը լեցուած է եւ չի կրնար աւելի սպասել:

«Իբրեւ պատասխանատուներ, մենք պէտք է աշխատինք մեր ժողովուրդին ու երիտասարդութեան ապագան ապահով ձեռքերու մէջ առնել, որպէսզի կարենանք տարբերութիւն մը արձանագրել, ինչպէս նաեւ անցնող եօթը ամիսները հատուցել: Յաջողութիւն կը մաղթենք նոր կառավարութեան, որ առաւելագոյնը մինչեւ շաբաթ օր պիտի կազմուի», հաստատեց ան:

Կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ըստ հանրապետութեան եւ խորհրդարանի նախագահներուն ու վարչապետին, աշխատանքային ծրագիրը գրեթէ պատրաստ է, «իսկ Նոր տարուան սկիզբը արդէն իսկ այդ ծրագիրը քննարկելու նիստերը կը գումարուին: Կառավարութեան վստահութիւն շնորհելու խորհրդարանի նիստերը հաւանաբար գումարուին հայկական Ս. Ծնունդէն ետք: Կառավարութիւնը ժողովուրդին եւ երկրին շահերը ամէն բանէ վեր պիտի դասէ», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

 

Նախորդը

Աուն Իր Այցելուներուն Հետ Կը Շարունակէ Քննարկել Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կառավարութեան Կազմութիւնը` Ժամերու Հարց

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.