Կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին հետեւող աղբիւրներ «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ թէեւ փորձ կը կատարուի այնպէս ձեւացնել, թէ այս հոլովոյթը խոչընդոտող հանգոյցին ետին կանգնած է Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումը, նաեւ անոր թեկնածու Ժաուատ Ատրայի կողմէ խորհրդակցական հանդիպումին յանձնառութիւն յայտնելու պարագան, բայց եւ այնպէս, ի յայտ եկած է նոր թնճուկ մը, զոր յառաջացուցած է արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, եւ այդ պատճառով ալ կառավարութեան կազմութիւնը խանգարուած է: Ըստ աղբիւրին, այս անգամ հարցը կը վերաբերի տեղեկատուութեան նախարարութեան, զոր Պասիլ կը մերժէ ստանձնել, ինչ որ անհաւասարակշռութիւն կը ստեղծէ կառավարութեան մէջ:
Մինչ այդ, նախարար Ժըպրան Պասիլ այցելեց վարչապետ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը, ուր անոնք ունեցան երեքուկէս ժամ տեւողութեամբ հանդիպում մը:
Աւելի ուշ վարչապետին մօտիկ աղբիւրներ «Էլ. Պի. Սի.»-ին յայտնեցին, որ ոչ ոք կը փափաքի տեղեկատուութեան նախարարութիւնը ստանձնել, եւ այդ հարցն է, որ քննարկման նիւթ եղած է Հարիրիի եւ Պասիլի միջեւ:
Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումի անդամ երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ իր կարգին դիտել տուաւ, որ առաջադրուած չորս թեկնածուներէն ան, որ ընտրուի նախագահ Աունի կողմէ, պիտի ըլլայ իրենց պաշտօնական ներկայացուցիչը: «Մենք դիւրացուցինք ամէն ինչ, որպէսզի կարելի ըլլայ կառավարութիւնը կազմել: Ներկայացուած անունները ընդունելի են մեզի համար, անոնցմէ ընտրուածն ալ պիտի ըլլայ մեր պաշտօնական ներկայացուցիչը եւ յանձնառու պիտի ըլլայ հանդիպումին քաղաքականութեան: Մենք յանձնառու ենք նախագահին նախաձեռնութեան, ուստի մենք չենք թնճուկ յառաջացնողները», հաստատեց ան:
Թեկնածու Ժաուատ Ատրա եւս նշեց, որ չ՛ուզեր յայտարարութիւններ կատարել, նախքան նախագահ զօր. Միշել Աունի կեցուածքին ճշդումը:
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումին եւ վարչապետ Հարիրիի միջեւ հանդիպումի ժամադրութիւն չճշդուեցաւ. ան աւելցուց, որ ինք Ժաուատ Ատրայի անունին մասին յայտարարութիւն չէ կատարած, այլ Խորհրդակցական հանդիպումին կողմէ իրեն առաջարկուած նախարարի թեկնածուներուն անունները ներկայացուց նախագահին:
Մինչ այդ, Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումը երէկ ժողով մը գումարեց երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէի բնակարանին մէջ եւ աւարտին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կ՛անդրադառնայ երեք կէտերու: Հոն կը նշուէր, որ հակառակ տարաձայնութիւններուն, Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումը միակամ է, եւ իր դիրքորոշումները կը ներկայացնեն վեց երեսփոխաններուն կեցուածքները: Հանդիպումը յանձնառու է նաեւ նախագահ Աունի նախաձեռնութեան, որուն հետապնդումը կը կատարուի հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի կողմէ, որ կը հաստատէ, թէ հանդիպումը իր ներկայացուցչութիւնը պիտի ունենայ կազմուելիք կառավարութեան մէջ` նախագահին բաժինէն:
Հաղորդագրութեան երրորդ կէտին մէջ անդրադարձ կը կատարուի կառավարութեան կազմութեան մօտալուտ ըլլալուն` դիտել տալով, որ եթէ բոլոր կողմերը բարի կամեցողութիւն ցուցաբերեն, քանի մը ժամէն կը կազմուի կառավարութիւնը` վստահեցնելով, որ Խորհրդակցական հանդիպումին կամեցողութիւնը հարիւր տոկոս բարի է: