Արսլան Շնորհաւորեց Ասատը
Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ պաշտօնապէս շնորհաւորեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը անոր իրագործած պատմական բոլոր նուաճումներուն համար` անոր գոյատեւումին, իմաստուն որոշումներուն, որդեգրած քաղաքականութեան, դիւանագիտական ճկունութեան, քաղաքական սուր տեսողութեան, երկաթեայ ջիղերուն եւ կամքին ու կորովին շնորհիւ, որոնցմով դիմադրած է Սուրիան եւ շրջանը հարուածած ահաբեկչութեան դէմ: Արսլան իր հաղորդագրութեան մէջ ընդգծեց, որ Պաշշար Ասատ...




















