Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեպիհ Պըրրի Լիբանանեան Կացութիւնը Մտահոգիչ Կը Նկատէ

December 25, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հեռաձայնային կապ հաստատեց Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, մարոնի համայնքի Պըշարա Ռայի պատրիարքին, նախարար Ժըպրան Պասիլի, Փաղանգաւոր եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններու ղեկավարներ Սամի Ժեմայէլի եւ Սամիր Ժահժահի, նախկին նախագահներու, նախկին երեսփոխաններու եւ նախարարներու, ինչպէս նաեւ հոգեւորականներու հետ` շնորհաւորելով անոնց Ս. Ծնունդը:

Լիբանանեան իրադարձութիւններուն վերաբերող յայտարարութիւններ կատարելով` Նեպիհ Պըրրի նկատել տուաւ, որ այդքան ալ անմեղ չէր Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումի թեկնածու Ժաուատ Ատրայի թեկնածութեան յետս կոչումը եւ զայն նախագահին չափաբաժինէն նկատելը:

Ան դիտել տուաւ, որ մեծապէս մտահոգ է երկրին կացութեան, մանաւանդ` յառաջիկայ փուլին անոր դիմաց ցցուելիք դժուարութիւններուն առումով: «Տեղի ունեցած իրադարձութիւնները կը փաստեն, որ կան կողմեր, որոնք երբեք չեն ուզեր կառավարութեան ծնունդը, իսկ հարցը, ըստ երեւոյթին, շատ աւելին է, քան կառավարութեան որոշումները արգելակող մեծամասնութեան կամ չափաբաժիններու խնդիրը», հաստատեց ան` աւելցնելով, որ նախարարութիւններու փոխանակման խնդիր գոյութիւն չունէր, զարմանալի է, որ նման հարց ծագեցաւ, մանաւանդ որ սկիզբէն այս առնչութեամբ համաձայնութիւն կար արդէն:

Ըստ Պըրրիի, կայ ծածուկ բան մը Ատրայի թեկնածութեան առումով տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն մէջ` նախ կառչիլ անոր, ապա զայն նկատել նախագահին չափաբաժինէն, իսկ այդ ծածուկ զարգացումին մանրամասնութիւնները յստակ չեն տակաւին, պէտք է զգուշ ըլլալ եւ լաւապէս հետեւիլ զարգացումներուն: Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ վարչապետ Հարիրի նախապէս յայտարարած էր, թէ կը մնայ միայն Հըզպալլայի երեք նախարարներու անուններուն հարցը, բայց եւ այնպէս արձանագրուած դէպքերը կը փաստեն, որ միակ խնդիրը այդ չէ:

Խորհրդարանի նախագահը լիբանանեան վերջին իրադարձութիւնները կապեց շրջանային զարգացումներուն` մատնանշելով. «Բան մը կը պատրաստուի երկրին եւ շրջանին համար»: Ան ըսաւ, թէ Սուրիայէն Միացեալ Նահանգներու հեռացումը չի կրնար առանց փոխադարձ պահանջի ըլլալ:

 

Նախորդը

Միւֆթի Տըրիան Պուխարիի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութեան Ամրապնդումը

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարք. «Մենք Որքա՞ն Հեռու Ենք Իսկական Խաղաղութենէն»

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.