Խորհրդարանի նախագահ Նեպըհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիան, որուն հետ քննարկեց երկու երկիրներու փոխյարաբերութիւնները եւ Լիբանանի ներկայ իրավիճակը:
Պըրրի տեսակցութիւն ունեցաւ նաեւ Ֆրանսական խորհրդարանէն պատուիրակութեան մը հետ, որուն հետ եւս քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանի ներկայ կացութիւնը եւ երկու երկիրներու փոխյարաբերութիւնները: