Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւններն ու փոխադարձ գործակցութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին ընդգծուեցաւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը` մեկնելով Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ տիրող սերտ յարաբերութիւններէն:
Միւֆթի Տըրիան յաջողութիւն մաղթեց Պուխարիին անոր ստանձնած պաշտօնին առիթով, եւ կոչ ուղղեց Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յաւելեալ գործակցութեան:
Հանրապետութեան միւֆթին ընդգծեց Լիբանանի եւ շրջանին մէջ ապահովական կայունութեան հաստատումին մէջ սէուտական դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը: