Նախարար Կիտանեան. «2018-ին Լիբանան Այցելած Են Երկու Միլիոն Զբօսաշրջիկներ»
Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ Վերտանի «Ռետիսըն Պլու» պանդոկին մէջ ներկայ գտնուեցաւ «Փիւնիկեցիներու ճամբու Եւրո-միջերկրականեան երկխօսութեան Է. խորհրդաժողով»-ի բացման արարողութեան, որ կազմակերպուած էր Լիբանանեան- ամերիկեան համալսարանին կողմէ` գործակցութեամբ զբօսաշրջութեան նախարարութեան, Եւրոպական խորհուրդին, մշակոյթի նախարարութեան եւ Լիբանանի մէջ գործող եւրոպական տարբեր խորհուրդներուն: Խորհրդաժողովին ներկայ գտնուեցան նաեւ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի, Լիբանանի մէջ Կիպրոսի եւ Թունուզի դեսպանները, Յունաստանի եւ Սպանիոյ դեսպաններու ներկայացուցիչները,...




















