Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, թէ կառավարութեան կազմութիւնը վերածուած է անցեալ անկատար բայի` հաստատելով, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը վերաշխուժացնելու նպատակով առաջադրուած նախաձեռնութիւնները անյաջող դուրս եկած են:
Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ գումարուելիք Արաբական տնտեսական վեհաժողովին` Պըրրի ըսաւ, թէ կառավարութիւն արդէն չկայ, իսկ Լիբանան պէտք է ըլլայ միացումի նշան մը եւ ոչ թէ բաժանումի: «Որպէսզի այս վեհաժողովը տկար եւ աննշան կերպով չկայանայ, թող յետաձգուի», ըսաւ Պըրրի` շեշտելով այդ վեհաժողովին Սուրիոյ մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը:
Պըրրի կարեւոր նկատեց նաեւ, որ ընթացաւարտ կառավարութիւնը գումարէ իր նիստը եւ վաւերացնէ 2019-ի պետական ամավարկը` աւելցնելով, որ այդ առաջարկին մասին ինք տակաւին պատասխան չէ ստացած, ինչպէս նաեւ պետական ամավարկը քննարկելու նպատակով ընթացաւարտ կառավարութեան ժողովի հրաւէրին մասին տեղեկութիւն չունի: «Այս բոլորը սակայն չեն արգիլեր, որ վերջ տրուի յամառութեան եւ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմուի նոր կառավարութիւնը», ըսաւ Պըրրի:
Միւս կողմէ, Պըրրի Այն Թինէի մէջ նախագահեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Նիստէն ետք պլոքի երեսփոխան Անուար Խալիլ կարդաց նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, թէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթի խոչընդոտումին հիմնական դրդապատճառը կշիռ ունեցող կարգ մը քաղաքական ուժերու լուսանցքայնացումի փորձն է` կառավարութեան մէջ ներկայացուցչութեան առումով:
Անուար Խալիլ յայտնեց նաեւ, որ պլոքը քննարկած է երկրին տնտեսական իրավիճակին բարելաւման վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ Լիբանանը հարուածած ձիւնամրրիկին պատճառած հետեւանքները:
Ան նշեց, որ անհրաժեշտ նկատուեցաւ ձիւնամրրիկէն վնասուած բոլոր քաղաքացիները հատուցել, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց դիմելու այնպիսի քայլերու, որոնք կ՛երաշխաւորեն Արաբական լիկային Սուրիոյ անդամակցութեան ապահովումը:
Պըրրի ընդունեց նաեւ Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումի անդամ, երեսփոխան Ապտել Ռահիմ Մըրատը, որ մեկնումի պահուն հաստատեց, որ առանց Սուրիոյ մասնակցութեան Արաբական տնտեսական վեհաժողովը գումարելը ճիշդ չէ:



