ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ուեհպէ Քաթիշա հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող կողմը Հըզպալլան է` աւելցնելով, որ անիկա նորանոր արգելքներ կը ստեղծէ կառավարութեան կազմութիւնը խանգարելու նպատակով:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ անհրաժեշտ նկատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն յայտնէ, թէ ո՛վ է կառավարութեան կազմութիւնը արգելակող կողմը:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ Պնաշյիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի անդամ երեսփոխան Էտի Ապի Լամաա հաստատեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական տագնապը կ՛ենթադրէ շրջանցել առկայ յամառութիւնը` կառավարութեան կազմութեան հարցով:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Անթուան Հապշին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:


