Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նորմա» Ձիւնամրրիկը Սպիտակով Ծածկեց Լիբանանի Լեռնային Շրջանները Եւ Մերկացուց Երկրին Խախուտ Ենթակառոյցը

Յունուար 9, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ գիշեր Լիբանան հասած «Նորմա» ձիւնամրրիկը նախանցեալ օր արդէն իսկ սկսած էր իշխել Լիբանանի վրայ տեղատարափ անձրեւներով, սակայն երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն ան սկսաւ սաստկանալ` Լիբանանի լեռնային շրջաններուն մէջ առատ ձիւն տեղացնելով, իսկ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ վերածուելով փոթորիկներու եւ ողողելով տարբեր շրջաններ:

«Նորմա»-ն երկրին լեռներուն վրայ սփռած իր սպիտակին կողքին մերկացուց երկրին խախուտ ենթակառոյցը, որուն լոյսին տակ պախարակուեցաւ լիբանանեան պետութիւնը:

Խայտառակութիւնը հասաւ այն աստիճանի, որ նախարար մը արտայայտուի ըսելով, թէ լիբանանեան պետութիւնը անկարող է. կացութիւն մը, ուր այլեւս քաղաքացիին ոչինչ կը մնայ ըսելիք…

«Նորմա»-ի գործած աւերներն ու ողողումները արձանագրուեցան տարբեր շրջաններու մէջ, սակայն ամէնէն աւելի լուսարձակի տակ առնուեցաւ Տըպպայէի մայրուղին, յատկապէս «Քարփեթ փլաս»-ի դիմաց, ուր ողողումները պատճառ դարձան 500 ինքնաշարժներու ընկղմելուն:

Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժեր եւ ծովուժի յատուկ ջոկատներ նաւերով փրկարար աշխատանք կատարեցին մայրուղիին վրայ` օժանդակելով հանրօգուտ շինութեանց նախարարութեան աշխատաւորներուն, որոնք մեծ դժուարութիւն ունեցան այդ ողողումներուն ընթացքին գործելու:

Լեռնալիբանանի ընդհանուր դատախազը շրջանի քաղաքապետէն պահանջեց զինք իմացնել այդ շրջանի կոյուղիներու մաքրութեան պատասխանատու ընկերութեան անունը` զայն հաշուետուութեան կանչելու նպատակով:

Ամբողջ օրուան ընթացքին Տըպպայէի ողողումին պատճառով փակուեցաւ Պէյրութէն հիւսիս երկարող մայրուղին` պատճառելով երթեւեկի ահաւոր խճողում մը, որ տեւեց մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, երբ կացութիւնը վերադարձաւ իր բնականոն վիճակին:

Ի տես «Նորմա»-ի սաստիկ բնոյթին, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ որոշեց եւ կոչ ուղղեց բոլոր դպրոցներուն իրենց դռները այսօր եւս փակ պահելու` աշակերտներուն անվտանգութեան ի խնդիր:

Աքքարի եւ Մընիէի մէջ ողողումները հսկայական վնասներ պատճառեցին ցանուած արտերուն: Մընիէի մէջ սուրիացի գաղթական ութամեայ աղջնակ մը, որ կը փորձէր գետին վրայ զետեղուած տախտակի մը վրայէն կտրել գետը, ջուրը ինկաւ եւ խեղդուեցաւ:

Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը աշխատեցան գտնել աղջնակին դիակը, սակայն անոնց ջանքերը ապարդիւն դուրս եկան:

Հարաւային Լիբանանի մէջ եւս աւերները շատ շատ էին` նկատի ունենալով յորդած Լիթանի գետը եւ անոր պատճառած վնասները Զրարիէի եւ Պըտիասի ցանքերուն:

Նապաթիէի եւ Մերժահիունի մէջ եւս արձանագրուեցան ողողումներ, իսկ Սայտայի մէջ ընկղմեցան նաւակներ, եւ ալիքները բարձրացան խուժելով դէպի մայրուղի:

Նոյն պատկերը արձանագրուեցաւ նաեւ Ռաուշէի մէջ` առանց ոչ մէկ վնաս պատճառելու:

Քոլայի կամուրջին վրայ նշմարուեցան ճեղքեր, ուրկէ անձրեւներուն ջուրերը առատ կերպով հոսեցան: Քոլայի կամուրջին նորոգութիւնը ստանձնած կապալառուները փութացին յայտարարելու, թէ կամուրջին վիճակը վտանգաւոր չէ, եւ ինքնաշարժները առանց վախի կրնան երթեւեկել անոր վրայ:

Պաապտա-Լուայզէ ճամբան անձրեւէն մեծ վնասներ կրեց` լրիւ քանդուելով:

Պեքաայի եւ յատկապէս Պար Էլիասի մէջ ողողումներ արձանագրուեցան, յատկապէս սուրիացի գաղթականներուն ապաստանած վրաններուն շրջանին մէջ:

Շրջանի քաղաքապետութիւնը ստիպուեցաւ սուրիացի հարիւրաւոր գաղթականները փրկել ողողումներէ եւ անոնց ապաստան տրամադրել դպրոցներու մէջ:

Ապահովութեան ուժերուն որոշումով երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն սկսեալ Տահր Պայտարի ճամբան Մտայրեժին մօտ փակուեցաւ անցորդներուն դիմաց` թէ՛ Պէյրութ ուղղուող եւ թէ՛ Պէյրութէն Պեքաա ուղղուող քաղաքացիներուն դիմաց:

Բնականաբար Թարշիշ-Զահլէ ճամբան եւս փակուեցաւ` առատ ձիւներուն պատճառով:

Կէսօրէ ետք փակուեցաւ նաեւ Շեքքայի ճամբան` հողի սահանքներուն պատճառով:

Նշենք, որ «Նորմա»-ն չխնայեց նաեւ խորհրդարանի շէնքը, որ նոյնպէս անձրեւներէն ջուրի իր բաժինը ստացաւ:

Նիւթական մեծ վնասներ արձանագրուեցան նաեւ Հայ Սըլլոմի մէջ` Ղատիր գետին յորդելուն պատճառով:

Երեկոյեան ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ եւ երկրագործութեան նախարար Ղազի Զաայթեր ուղղուեցան այդ շրջանը եւ վկայեցին արձանագրուած վնասները:

Հասան Խալիլ իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ բոլորս կը գտնուինք արմատական լուծումներ տալու իմաստով անկարող լիբանանեան պետութեան մը դիմաց:

Իսկ Զաայթեր կոչ ուղղեց վերջ տալու դարձդարձիկ լուծումներուն եւ արմատական լուծում մը գտնելու Հայ Սըլլոմի վիճակին, որպէսզի յառաջիկայ տարի եւս ականատես չըլլան նման աղէտի մը:

Պէյրութի միջազգային օդակայանի օդերեւութաբանական գրասենեակը հաղորդեց, որ այսօր` չորեքշաբթի, 9 յունուար 2019-ի երեկոյեան «Նորմա» ձիւնամրրիկը պիտի հանդարտի:

Օրուան առաջին կիսուն տեղատարափ անձրեւներ կը նախատեսուին, ջերմաստիճանը աւելի եւս կը նուազի եւ առատ կերպով պիտի ձիւնէ ծովու մակերեսէն 700 մեթր բարձրութեան վրայ:

Երեկոյեան «Նորմա»-ն Լիբանանէն կը մեկնի` իր ետին ձգելով աւեր եւ սառոյց:

Հինգշաբթի եւ ուրբաթ օրերուն ընթացքին ջերմաստիճանը հետզհետէ կը բարձրանայ, սակայն ծովու մակերեսէն 1000 մեթր բարձրութեան վրայ սառոյցի հաւանականութիւնը կը մնայ առկայ, հետեւաբար պէտք է զգուշ ըլլալ լեռնային շրջաններ ուղղուելէ:

Նախորդը

«Արտերկրի Լիբանանցիները Լիբանանեան-Ափրիկեան Երկկողմանի Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Իմաստով Հոյակապ Դերակատարութիւն Կ՛ունենան» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

Հայաստանի Ու Ղազախստանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը Ունեցած Են Քարականտայի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակը Քննարկելու

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?