Հայկական Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով. 7 Յունուարին Պետական Եւ Սեփական Դպրոցները Փակ Պիտի Մնան
Հիմնուելով վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրապարակած այն շրջաբերականին վրայ, որուն համաձայն Հայկական Ս. Ծննդեան տօնին առիթով պետական հաստատութիւնները եւ վարչութիւնները փակ պիտի մնան երկուշաբթի, 7 յունուար 2019-ին, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ երէկ յայտարարեց, թէ երկուշաբթի, 7 յունուար 2019-ին, պետական եւ սեփական բոլոր դպրոցները փակ պիտի մնան: Ս. Ծննդեան տօնին առիթով Համատէ յատուկ շնորհաւորութիւններ յղեց հայ համայնքին` մաղթելով, որ...



















