Լիբանանը հարուածող «Նորմա» ձիւնամրրիկը երէկ երեկոյեան հեռացաւ` տեղատարափ անձրեւներու ընդմէջէն:
Մինչ «Նորմա»-ն կը հեռանայ, կեանքի սովորական ընթացքը կը սկսի ինքզինք վերահաստատել երկրին մէջ: Այս առումով, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարին որոշումով, այսօր բոլոր դպրոցները` բաւական երկար տեւած արձակուրդէ ետք, կը վերաբանան իրենց դռները, եւ աշակերտները կը վերսկսին իրենց դասերուն:
Միւս կողմէ, երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, գրեթէ 24 ժամ փակ մնալէ ետք, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութեան հրահանգով Տահր Պայտարի ճամբան բացուեցաւ` առիթ տալով, որ միջազգային այդ ճամբան վերստին գործէ:
Բայց եւ այնպէս Թարշիշ-Զահլէ, Այնաթա-Արզ, Քֆարտըպիան-Հատաս Պաալպեք ճամբաները մնացին փակ` տեղացած առատ ձիւնին պատճառով:
Իսկ երեքշաբթիէն չորեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին «Նորմա» ձիւնամրրիկի սաստկութեան անդրադառնալով կարելի է հաստատել, որ ամէնէն աւելի տուժեց Անթիլիասի շրջանը` «Ֆաուար Անթիլիաս» գետին յորդելուն պատճառով:
Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն արդէն իսկ Անթիլիասի շրջանին մէջ արձանագրուեցան ողողումներ, որոնց պատճառով քաղաքացիները բանտարկուեցան իրենց բնակարաններուն մէջ:
«Սիմիթեան» շէնքերուն մօտ սկսած ողողումը հասաւ մինչեւ զուգահեռ թաղերը: Ողողումներ արձանագրուեցան Անթիլիասի մայրուղիին, յատկապէս Անթիլիասի կամուրջին ներքեւ գտնուող փողոցին մէջ:
Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն ժամեր տեւած աշխատանքէն ետք կարելի եղաւ ողողուած ջուրը դատարկել եւ հազիւ կէսօրուան ժամերուն երթեւեկը վերադարձնել իր բնականոն իրավիճակին:
Հատուցումի գերագոյն խորհուրդի նախագահ հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր այցելեց Անթիլիաս, ուր հանդիպումներ ունեցաւ ողողումներէն տուժած քաղաքացիներուն հետ եւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ու վարչապետ Սաատ Հարիրիի անունով մխիթարեց զանոնք:
Ան հաստատեց, որ ինք խորհրդակցած է ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի հետ` աւելցնելով, որ նախագահ Աունի եւ վարչապետ Հարիրիի որոշումով` բոլոր տուժած քաղաքացիները անմիջական հատուցում պիտի ստանան:
Լիբանանեան այլ շրջաններու մէջ եւս բնութիւնը արձանագրեց շարք մը աղէտներ: Այս շրջագիծին մէջ Հասպանի գետի ջուրին մակարդակը բարձրացաւ եւ պատճառ դարձաւ, որ ողողումներ արձանագրուին մօտակայ սրճարաններուն եւ պարտէզներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ողողումներ արձանագրուեցան Մարիի, Ուազզանիի եւ Այն Արապի մէջ գտնուող ցանուած արտերուն մէջ` պատճառելով նիւթական հսկայական վնասներ:
Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը երէկ Մընիէի մօտակայ պարտէզներէն մէկուն մէջ գտան օր մը առաջ խեղդուած ութամեայ սուրիացի աղջնակին դիակը:




