ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Սըժաան Քազզին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող արգելքները: Հանդիպումը եղաւ առիթ մը նաեւ, որ Քազզի շնորհաւորէ Ռայի պատրիարքը` Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով:
ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը երէկ ընդունեց փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանին: Քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները:
ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի կոչ ուղղեց կազմելու յանձնախումբ մը, որուն պարտականութիւնն է հետաքննութիւն բանալ` լիբանանեան տարբեր շրջաններու ենթակառոյցներու վիճակին մասին:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի յայտնեց, որ Լիբանանը պէտք է վերածուի Սուրիան եւ Իրաքը վերակառուցելու մարտկոցի մը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուաֆ Մուսաուի հաստատեց, որ լիբանանեան պետութեան վարչութիւնները երաշտի մատնելու քաղաքականութիւնը, որուն նպատակն է անոր զուգահեռ այլ պետութիւն մը ստեղծել, երկրին մէջ տիրող փտածութեան հիմնական պատասխանատուն է:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պիլալ Ապտալլա շեշտեց, որ իրենք պիտի շարունակեն պաշտպանել խօսքի ազատութիւնն ու սենտիքայական աշխատանքը:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Իմատ Ուաքիմ յայտնեց, որ Արաբական տնտեսական վեհաժողովը յետաձգելու մասին խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի յայտարարութիւնը ռումբ մըն է:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ուեհպէ Քաթիշա հաւանական նկատեց, որ Պէյրութի մէջ գումարուելիք Արաբական տնտեսական վեհաժողովը յետաձգուի:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆատի Ֆախրի Ալամէ խստիւ դատապարտեց Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարը հարցաքննութեան կանչելու քայլը` հարց տալով, որ արդեօք ուզուածը իրաւացի պահանջներուն ձայնը լռեցնե՞լն է:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մոհամետ Սաֆատի հաստատեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական ծանր տագնապը պէտք է զայն մղէ նոր կառավարութեան կազմութեան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի հաստատեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի բնաւ տեղի պիտի չտայ իր վրայ բանեցուող քաղաքական ճնշումներուն դիմաց:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժերը Ատայսէի հանդիպակաց շրջանի սահմանային գիծին վրայ սկսան կառուցել քարէ պատնէշ մը: