Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սիւննի Խորհրդակցական Հանդիպումի Հարցին Լուծումը Վարչապետ Հարիրիի Մօտ Կը Գտնուի» Շեշտեց Ֆայսալ Քարամէ

Յունուար 11, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մուսթաքպալ պլոքին մաս չկազմող սիւննի երեսփոխաններ, այլ խօսքով` Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումի երեսփոխաններ Ֆայսալ Քարամէ, Ապտել Ռահիմ Մըրատ, Ժիհատ Սամատ, Ուալիտ Սըքքարիէ, Քասեմ Հաշեմ եւ Ատնան Թրապուլսի, երէկ Ֆայսալ Քարամէի Ռամլեթ Պայտայի բնակարանին մէջ գումարեցին իրենց ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին քննարկեցին երկրին մէջ տիրող իրադարձութիւններն ու կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Քարամէ յայտնեց, որ կարելի չէ Լիբանանի մէջ ձիւնամրրիկին պատճառած վնասներուն պատասխանատուութիւնը միայն բնութեան վերագրել, որովհետեւ երկրին մէջ պետութեան արձանագրած բացթողումներն ու փտածութիւնը` իր տարրական պարտականութիւնները կատարած չըլլալու առումով, եւս պատճառ են այդ աղէտին:

Հիմնական հարցը այն է, թէ երկրին ենթակառոյցին զարգացման համար մսխուած միլիառները ո՞ւր ծախսուած են: «Այս իմաստով պէտք է դատական հետաքննութիւն բանալ», ըսաւ Քարամէ:

Ան նշեց, որ երկրին տնտեսական փլուզումը նախատեսուելիք հարց չէ այլեւս, այլ` հաստատ իրողութիւն, որուն անտեսումը կ՛ուշացնէ այդ տագնապին լուծումը:

Քարամէ նշեց, որ Պէյրութի մէջ Արաբական տնտեսական վեհաժողովի կայացումը եւ Սուրիան անկէ դուրս ձգելը` այն պատրուակով, որ Սուրիոյ հրաւէրը Արաբական լիկային պատասխանատուութիւնն է, մերժելի է եւ չի համընկնիր շրջանային տագնապներէն ինքզինք զերծ կացուցելու Լիբանանի քաղաքականութեան: «Հետեւաբար Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումը յարմար կը գտնէ այդ վեհաժողովին յետաձգումը, մինչեւ որ Սուրիա վերադառնայ Արաբական լիկայի իր բնական տեղը», ըսաւ ան:

Քարամէ շեշտեց, որ Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումը հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունէն չէ պահանջած նախարարական իր չափաբաժինէն զիջիլ` ի նպաստ հանդիպումին ներկայացուցչութեան: Ան նշեց, որ այդ նախաձեռնութիւնը նախագահ Աունին կը պատկանէր:

Քարամէ հաստատեց, որ Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումը չէ առնչուած այն նախաձեռնութիւններուն եւ միտքերուն, որոնք կ՛առաջադրուին, եթէ անոնցմէ տեղեակ չէ: «Սիւննի խորհրդակցական հանդիպումի հարցին լուծումը վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտ կը գտնուի», ընդգծեց Քարամէ:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Նախարար Կիտանեան. «2018-ին Լիբանան Այցելած Են Երկու Միլիոն Զբօսաշրջիկներ»

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»

Օգոստոս 19, 2025
Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան  Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան Ու Կայունութեան Ո՛չ Ներդրում Կայ, Ո՛չ Ալ` Աճող Տնտեսութիւն»

Օգոստոս 19, 2025
Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց  Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան  Փաստաթուղթը Չընդունինք»
Լիբանանեան

Հաժ Հասան. «Ուաշինկթըն Մեզի Սպառնաց Լիբանանը Պիլատ Շամին Կցելով, Եթէ Ամերիկեան Փաստաթուղթը Չընդունինք»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?