Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խալիլ. «Եթէ Կառավարութեան Կազմութիւնը Ուշանայ, Կարգ Մը Նախարարութիւններ Կրնան Դրամ Չունենալ»

January 4, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, յատկապէս ելեւմտական իրավիճակը:

Հանդիպումէն ետք Խալիլ շեշտեց, որ կառավարութեան ժողով մը գումարելը` 2019-ի պետական ամավարկը վաւերացնելու նպատակով, ոչ ոքի դէմ ուղղուած է:

«Այդ իմաստով մենք վարչապետ Հարիրիի հետ տարակարծիք չենք, սակայն նման կարելիութեան մը յանգելու համար պէտք է լաւապէս սերտենք զայն, որովհետեւ ի վերջոյ հարցը սահմանադրական է, իսկ ընթացաւարտ շրջանի կառավարութեան հասկացողութիւնը մէկ կամ երկու ամսուան համար է», ըսաւ ան:

Խալիլ աւելցուց սակայն, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին արձանագրած նման յապաղումով անկարելի է շարունակել իրավիճակը, յատկապէս երբ հարցը ուղղակիօրէն առնչուած է ելեւմտական իրավիճակին: «Այդ պարագային կարելի է դիմել սահմանադրական այն ելքին, որուն դիմած էր Ռաշիտ Քարամէի կառավարութիւնը», հաստատեց Խալիլ:

Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն` Խալիլ յայտնեց, որ եթէ կառավարութեան կազմութիւնը ուշանայ, կարգ մը նախարարութիւններ կրնան դրամ չունենալ, եւ մենք ստիպուած պիտի ըլլանք անոնց աշխատանքի շարունակութիւնը երաշխաւորելու միջոցներ ապահովելու: «Այն տպաւորութիւնը ունիմ, որ կառավարութեան կազմութիւնը պէտք չէ ուշանայ, սակայն ամէն պարագայի պէտք է միշտ զգուշանանք», ընդգծեց Խալիլ:

 

 

Նախորդը

Հայկական Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով. 7 Յունուարին Պետական Եւ Սեփական Դպրոցները Փակ Պիտի Մնան

Յաջորդը

«Տնտեսութեան Բարգաւաճումը Նոր Կառավարութեան Առաջնահերթութիւնը Պիտի Ըլլայ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.