Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ Միրնա Շալուհիի իր կեդրոնին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի:
Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ համախմբումը կը նկատէ, որ Սուրիան Տնտեսական արաբական վեհաժողովին հրաւիրելը Արաբական լիկային պատասխանատուութիւնն է: «Արաբական երկիրներուն մեծ մասին կողմէ Սուրիոյ կառավարութեան ճանաչումէն ետք, եւ նկատի ունենալով, որ Սուրիոյ վերակառուցման եւ վերաշինութեան մեկնակէտը Լիբանանն է, ապա բնական է, որ Սուրիա մասնակցի այդ վեհաժողովին, հետեւաբար կոչ կ՛ուղղենք խնդիր չստեղծելու այնպիսի հարցի մը շուրջ, որ գոյութիւն չունի», ընդգծեց Քանաան:
Քանաան յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նախաձեռնութիւնն ու արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի միտքերը կը ջանան կառավարութեան դիմագրաւած հարցը լուծել: Ան նշեց, որ այդ ջանքերուն հետ պէտք չէ վարուիլ այնպէս մը, որ անոնք կը շրջանցեն այս կամ այն ուժին կամ հեղինակութեան դերակատարութիւնը: «Պահանջուածը կառավարութեան կազմութիւնն է, ժամանակը եւս կարեւոր է, կ՛ընդունինք բոլորին իրաւունքը` երեսփոխանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն համաձայն, սակայն պէտք է վճռակամ ըլլալ եւ լուծել այս հարցը», ըսաւ ան:
Քանաան շեշտեց, որ իրենք յանձնառու են ամէն իմաստով պաշտպանելու երկրին ներկայ իշխանութիւնը` աւելցնելով, որ խորհրդարանին մէջ որոշ կշիռ ներկայացնող իրենց ներկայացուցչութեան առընթեր, իրենք ոչ մէկ շահ ունին երկրին փուլ գալու հաւանականութենէն: «Իսկ ով որ կը խօսի երկրին փուլ գալուն մասին, ապա ան պէտք է աշխատի զայն արգիլել: Մենք կեցուածք պիտի ունենանք, եթէ կառավարութեան հարցը նոյն ընթացքով շարունակուի: Պիտի չարտօնենք երկրին ճակատագիրը տանիլ դէպի անորոշութիւն, որ ոմանց համար սկսած է ծանօթ դառնալ», յայտնեց Քանաան:
Ան նշեց, որ երկրին տնտեսական կացութեան տագնապալի իրավիճակը տարիներու կուտակումներու պատճառով է` աւելցնելով, որ անիկա լուծման կարիք ունի, ինչպէս նաեւ կառավարութեան, վերահսկող խորհրդարանի, պատասխանատուութիւն ստանձնող ամբողջական քաղաքական ընկերութեան կարիք ունի: «Այդ պատճառով ալ մեր առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ երկրին տնտեսական կացութիւնը, եւ իբրեւ այդպիսին ուղղուեցանք վաւերացնելու ամավարկերը եւ սրբագրելու հաշիւները, որոնք յաջորդ կառավարութեան գումարելիք առաջին նիստին օրակարգին վրայ կը գտնուին», յայտնեց ան:
Քանաան ընդգծեց, որ փտածութիւնը համաձայնութեամբ կարելի չէ լուծել, այլ պայքարով: «Ինչպէս պայքարեցանք ազատագրելու համար Լիբանանը եւ վերադարձնելու մեր ազգային որոշումն ու գերիշխանութիւնը, նոյնպէս ալ պէտք է պայքարինք փտածութեան դէմ, առանց համաձայնութեան կամ թոյլ մօտեցումի, ընդհակառակն` արդարութեան իշխանութիւններուն աշխատանքով», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այս իմաստով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը պիտի ըլլայ փտածութեան դէմ պայքարող ռահվիրաներէն մէկը:



