Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Տնտեսութեան Բարգաւաճումը Նոր Կառավարութեան Առաջնահերթութիւնը Պիտի Ըլլայ» Շեշտեց Նախագահ Աուն

January 4, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ընկերակցութեան նախարար Ֆատի Ժեմայէլի եւ դիւանի անդամներուն, որոնց շարքին էր նաեւ  Նազարէթ Սապունճեան:

Հանդիպումին ընթացքին Ժեմայէլ արտասանեց խօսք մը, որուն ընդմէջէն ան  Լիբանանի Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան անդամներուն ողջոյնները եւ բարեմաղթութիւնները փոխանցեց հանրապետութեան նախագահին:

Իր կարգին, նախագահ Աուն շեշտեց, որ լիբանանեան ազգային տնտեսութեան բարգաւաճումը նոր կառավարութեան առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ: «Նոր կազմուելիք Լիբանանի կառավարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ իրականացնելու համար այդ նպատակը», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն ընդգծեց նաեւ, որ ճարտարարուեստի բոլոր հաստատութիւնները պէտք է ընդառաջեն եւ համագործակցին որդեգրուած այն միջոցառումներուն հետ, որոնց նպատակն է կասեցնել ապականումը եւ արդար կերպով ապականումէ պաշտպանել կենսոլորտը:

Նախագահ Աուն հաստատեց նաեւ, որ Լիբանան պիտի որդեգրէ «Մըքքենզի»-ի մշակած ծրագիրը, ինչպէս նաեւ պիտի ուղղուի որդեգրելու արտադրութիւններու վրայ հիմնուած տնտեսութիւնը, որ յաւելեալ արագութեամբ պիտի բարգաւաճեցնէ երկրին տնտեսութիւնը:

Նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ Նասիպի անցքի բացման կարեւորութեան` նկատի ունենալով լիբանանեան տնտեսութեան վրայ անոր ունեցած դրական ազդեցութիւնը:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Հնդկաստանի դեսպան Սանճիվ Արորա, որ նախագահ Աունի հետ քննարկեց Լիբանանը երկխօսութեան մարդկային ակադեմիայի կեդրոնին վերածելու ծրագիրին մանրամասնութիւնները եւ անոր իրագործելիք նպատակները:

 

 

Նախորդը

Խալիլ. «Եթէ Կառավարութեան Կազմութիւնը Ուշանայ, Կարգ Մը Նախարարութիւններ Կրնան Դրամ Չունենալ»

Յաջորդը

Այսօր Ընդհանուր Գործադուլ Է. ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Եւ Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը Կը Զօրակցին Աշխատաւորական Ընդհանուր Համադաշնակցութեան

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.