Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Հասարակածային Կինէայի խորհրդարանի նախագահ Սիպրիանօ Քասաման, որուն ներկայութեան հաստատեց, որ արտերկրի լիբանանցիները լիբանանեան-ափրիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու իմաստով հոյակապ դերակատարութիւն կ՛ունենան եւ կը վերահաստատեն, որ արտերկրի մէջ իրենց ներկայութիւնը բացառիկ է եւ օրինակելի` բոլորին համար:
Ներկայութեամբ երեսփոխան Միշել Մուսայի նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան բարձր կը գնահատէ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ իրեն նկատմամբ Հասարակածային Կինէայի ցուցաբերած զօրակցութիւնը:
Նախագահ Աուն դրուատեց նաեւ լիբանանցիներուն եւ Հասարակածային Կինէայի իշխանութիւններուն միջեւ հեզասահ յարաբերութիւններու գոյութիւնը, յատկապէս երկրին տնտեսական կեանքին եւ ներդրումային ծրագիրներուն օժանդակելու առումով:
Իր կարգին, Քասամա դրուատեց Լիբանանի եւ Հասարակածային Կինէայի միջեւ գործակցութիւնը, գնահատեց լիբանանցի գործարարներուն դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ Հասարակածային Կինէայի մէջ Լիբանանի հիւպատոսին ի գործ դրած ջանքերը:
Քասամա հաստատեց, որ իրենք Հասարակածային Կինէան Լիբանանի քոյր երկիր կը նկատեն` գոհունակութիւն յայտնելով, որ նախագահ Աուն դրուատած է երկկողմանի ամրապնդուած յարաբերութիւնները:
Նշենք, որ Քասամա այցելեց նաեւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու Լիբանանի ու շրջանային իրադարձութիւնները:
Այն Թինէի մէջ լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով Պըրրի շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան նշոյլներ գոյութիւն չունին:
Հասարակածային Կինէայի խորհրդարանի նախագահը այցելեց նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:
Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները, որպէսզի անոնք ծառայեն երկու երկիրներու շահերուն:
Նախագահ Աուն Ստացաւ Արաբական Լիկայի Վեհաժողովին Մասնակցելու Հրաւէր Մը
Նշենք, որ երկուշաբթի, 7 յունուարին, նախագահ Աուն ընդունեց Թունուզի նախագահ Պաժի Քայետ Սեպսիի անձնական ներկայացուցիչ, նախարար Ազհար Քարաուի Շապին, որ Թունուզի նախագահին կողմէ նախագահ Աունի յանձնեց Թունուզի մէջ 31 մարտ 2019-ին տեղի ունենալիք Արաբական լիկայի վեհաժողովին մասնակցութեան հրաւէր մը:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ ինք անձամբ պիտի նախագահէ լիբանանեան պատուիրակութեան` Արաբական լիկայի վեհաժողովին, ինչպէս նաեւ ողջունեց նախագահ Սեպսիի կողմէ այն հաստատումը, թէ անձամբ պիտի մասնակցի Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք Արաբական տնտեսական վեհաժողովին, որ պիտի կայանայ Պէյրութի մէջ` 19 յունուար 2019-ին:




