ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Թարեք Խաթիպ շեշտեց, որ Արաբական տնտեսական վեհաժողովին որոշումները եւ տեղահանուածներուն մասին Պէյրութի յայտարարութիւնը բաւարար էին լեցնելու այդ վեհաժողովէն տարբեր երկիրներու իշխանութեանց պետերուն բացակայութեամբ ստեղծուած բացը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն պիտի մնայ Լիբանան հայրենիքը փտածներէն պաշտպանող վահանը:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն յայտնեց, որ Արաբական տնտեսական վեհաժողովի բոլոր որոշումները կը ծառայեն ամբողջ Լիբանանի շահերուն: Ան շեշտեց, որ վեհաժողովը յաջողութիւն արձանագրած է` աւելցնելով, որ 32 նախարարէ բաղկացող կառավարութեան մը կազմութեան հաւանականութիւնը տակաւին առկայ է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ պէտք է կազմել կառավարութիւն մը, որուն նպատակն է հայրենիքի պաշտպանութիւնը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յոյս յատնեց, որ յառաջիկայ օրերուն կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վկայելիք ջանքերը ըլլան լուրջ, որոնց շնորհիւ կարելի ըլլայ կազմել քաղաքական բոլոր ուժերը ներկայացնող կառավարութիւն մը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պիլալ Ապտալլա շեշտեց, որ Բնակարանային վարկեր տրամադրող հաստատութեան հետ ընկերային եւ մարդկային վերաբերում ցուցաբերել:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարարի խորհրդական Անթուան Քոսթանթին շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի նախաձեռնութիւնը, որ հինգ կէտերէ բաղկացած էր, տակաւին ընթացքի մէջ է:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Փերենիլ Քարտելը, որուն հետ քննարկեց ներկայ իրադարձութիւնները: Ան հաստատեց, որ Լիբանանը փրկելու միակ միջոցը «Պաապտայի յայտարարութիւն»-ն է:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Փերենիլ Քարտելի հետ: Հանդիպումը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ատնան Մանսուր հաստատեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին հարցով պէտք է ուղղակի հաղորդակցութեամբ խորհրդակցիլ Սուրիոյ հետ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի յայտնեց, որ կարգ մը լիբանանցիներու կողմէ Արաբական տնտեսական վեհաժողովին յաջողութիւնը հարուածելու փորձերը ցաւալի են, իսկ սուրիացի տեղահանուածները Լիբանանի մէջ պահել փափաքող կողմերուն ձգտումները վտանգաւոր են:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ Սուրիա պէտք է ինք դիմէ Արաբական լիկային, եթէ անոր շարքերուն վերադառնալու փափաք ունի:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ հաստատեց, որ թշնամի Իսրայէլ ցնցումներ կ՛ապրի` սկսեալ հարաւային Լիբանանէն, հասնելով Սուրիա:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի անդամ, շէյխ Նեպիլ Քաուք կոչ ուղղեց անյապաղ կազմելու ազգային միասնականութեան կառավարութիւն մը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին առումով պիտի սկսի խորհրդակցութիւններու նոր փուլի մը:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանան յաջողած է տեղահանուածներու թղթածրարին մէջ ամրապնդել քաղաքական նոր ըմբռնում մը: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի Մուսթաքպալի քաղաքական կեդրոնական խորհուրդին մէջ նոր անդամներ պիտի նշանակէ: Կառավարութեան կազմութեան առումով, նոյն օրաթերթը կը գրէ, թէ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ կրնայ վերստանձնել իր միջնորդի դերակատարութիւնը:


