Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օրէնքի Եւ Քաղաքացիական Պետութիւն Պահանջող Բողոքի Ցոյց` Պէյրութի Մէջ

January 21, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Պէյրութի մէջ գործադրուեցաւ բողոքի ցոյց մը` «Բոլորս դէպի փողոց» կարգախօսին ներքեւ:

Քաղաքացիական ընկերութեան կազմակերպութիւններուն կողմէ գործադրուած ցոյցը սկսաւ Պարպիրէն եւ հասաւ մինչեւ Պշարա Խուրի` ելեւմուտքի նախարարութեան կեդրոնին դիմաց:

Ցուցարարները բողոքեցին աղքատացումի, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ ընկերային քաղաքականութիւններուն դէմ, որոնք կը գործադրուին ներկայ քաղաքական իշխանութեան կողմէ:

Ցուցարարները պահանջեցին վերջ տալ իշխանութեան կողմէ հանրային գումարի մսխումին, կենսոլորտի ապականումին, ելեկտրականութեան եւ ուժանիւթի մարզերուն պարագային ստորագրուած կասկածելի համաձայնութիւններուն, ինչպէս նաեւ բողոքեցին Լիբանանի հիւանդանոցներուն դիմաց համեստ դասակարգին մահուան երեւոյթին դէմ:

Ցուցարարները պահանջեցին օրէնքի եւ քաղաքացիական պետութիւն կերտել` առանց երկրին քաղաքացիներուն միջեւ խտրութեան, հիմնուելով` մարդկային իրաւունքներու սկզբունքներուն եւ ընկերային արդարութեան վրայ:

Անոնք մերժեցին Յաւելուած արժէքի տուրքի յաւելումը, ինչպէս նաեւ համեստ դասակարգին վրայ պարտադրուելիք որեւէ տուրք:

Ցոյցին ընթացքին Համայնավար կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Հաննա Ղարիպ հաստատեց, որ ժողովուրդին վրայ յաւելեալ տուրքեր պարտադրելու պարագային, իրենք յաւելեալ մագլցողական քայլեր պիտի որդեգրեն հետագային կատարուելիք ցոյցերուն ընթացքին` աւելցնելով, որ ներկայ իշխանութիւնները պէտք է ստանձնեն իրենց ձախողութեան պատասխանատուութիւնը:

 

 

Նախորդը

«Աֆրինի, Ժարապլուսի Եւ Պապի Մէջ Թաղեցինք Ահաբեկչական Խմբաւորումները» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

Լիբանանցի Գրագիտուհի Մայ Մնասսա Մահացաւ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.