Վարչապետ Սաատ Հարիրիի ռուսական հարցերու խորհրդական Ժորժ Շաապան Մոսկուայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան փոխնախարար զօր. Ալեքսանտր Վոմինի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքը յուզող ապահովական հարցերը, ինչպէս նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Քննարկումի նիւթ դարձան նաեւ Լիբանանի եւ Ռուսիոյ միջեւ զինուորական յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, հանդիպումը ընթացաւ բարեկամական մթնոլորտի մէջ եւ ընդգծուեցաւ փոխադարձ գործակցութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը:



