Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Հերքեց Այն Տեղեկութիւնները, Թէ Ինք Արաբական Տնտեսական Վեհաժողովին Իր Մասնակցութիւնը Պոյքոթի Ենթարկած Է

January 22, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի հինգշաբթի, 24 յունուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին:

Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուին շարք մը օրինագիծեր, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի նախարարութեան պիտի տրամադրուի նիւթական յատկացում մը:

Միւս կողմէ, Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ ինք Արաբական տնտեսական վեհաժողովին իր մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկած է` աւելցնելով, որ ինք վեհաժողովին իր ներկայութիւնը ջնջած է զուտ արարողակարգային պատճառներով:

Պըրրի նշեց, որ իր ներկայացուցիչները` ըլլան անոնք նախարարներ թէ երեսփոխաններ, վեհաժողովին ներկայ գտնուած են` նկատել տալով, որ ինք չէ թելադրած Շիիներու գերագոյն խորհուրդին հոգեւորական ներկայացուցիչով մը չմասնակցելու վեհաժողովին:

Պըրրի ընդգծեց, որ ինք հետեւած է վեհաժողովի աշխատանքներուն եւ անկէ բխելիք վերջնական հաղորդագրութիւնը ստացած է նախքան յայտարարուիլը, եւ փոքր բարեփոխում մը կատարած անոր մէջ ու զայն վերստին յղած է վեհաժողովին` ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի ձեռամբ:

Պըրրի ողջունեց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի խօսքը վեհաժողովի աւարտին, յատկապէս ի՛նչ կը վերաբերէր անյայտ կորսուած իմամ Մուսա Սատըրին: Ան մաղթեց, որ քաղաքական գործունէութիւնը այս ոգիով շարունակուի, որովհետեւ այսպէս է, որ երկիրը կարելի կ՛ըլլայ կերտել:

Պըրրի հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու օգնական Տէյվիտ Հէյլ վերապահութիւն յայտնած է ելեւմուտքի եւ առողջապահութեան նախարարութիւններուն` Ամալ շարժումին եւ Հըզպալլայի կողմէ ստանձնուելու հաւանականութեան մասին: Պըրրի հաստատեց, որ այդ տեղեկութիւնները անճիշդ են:

 

 

Նախորդը

«Բանակը Կը Հետապնդէ Երկրին Կայունութիւնը Հարուածել Միտող Որեւէ Փորձ, Իսկ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ան Կազմ Ու Պատրաստ Է» Շեշտեց Զօր. Աուն

Յաջորդը

Քաթար Լիբանանի Կառավարութենէն 500 Միլիոն Տոլարի Բաժնետոմսեր Պիտի Գնէ, Իսկ Վարչապետ Հարիրի Կառավարութեան Կազմութեան Աշխատանքներուն Պիտի Վերսկսի

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.