Արաբական Երկիրները Համախոհութեամբ «Պէյրութի Յայտարարութեան» Ընդմէջէն Կ՛ընդգծեն Գաղթականներու Եւ Տեղահանուածներու Տունդարձի Քաջալերման Կարեւորութիւնը
Արաբական տնտեսական Դ. վեհաժողովի պաշտօնական բացումը երէկ կատարուեցաւ Պիելի մէջ` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Վեհաժողովը վարելու աշխատանքին մասնակցեցան նաեւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ:
Թէեւ արաբական երկիրներու իշխանութեանց պետերուն աննշան ներկայութիւնը ինքզինք պարտադրեց վեհաժողովին վրայ, սակայն անոր յաջողութիւնը շօշափելի դարձաւ վեհաժողովէն բխած «Պէյրութի յայտարարութեան» ընդմէջէն, որ յատկապէս Լիբանանի համար շահեկան էր` գաղթականներուն եւ տեղահանուածներուն տունդարձի քաջալերման գծով գոյացած արաբական համախոհութեան շնորհիւ:
Պետութիւններու ղեկավարներու մակարդակով վեհաժողովին մասնակցեցան Մաւրիտանիոյ նախագահ Մոհամետ Ուըլտ Ապտելազիզ եւ Քաթարի Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանը, որ բաւարարուեցաւ միայն բացման նիստին իր մասնակցութեամբ:
Քաթարի իշխանին մասնակցութիւնը առաւելագոյն չափով գնահատանքի արժանացաւ: Այս մասին իշխանը թուիթըրեան գրառումով մը հաստատեց, որ ինք ուրախ եւ հպարտ կը զգայ Պէյրութի մէջ կայացած Արաբական տնտեսական վեհաժողովին մասնակցելով` ընդգծելով, որ վեհաժողովին մասնակցութեան իր որոշումը կը բխի արաբական միացեալ աշխատանքի կարեւորութեան նկատմամբ իր յանձնառութենէն:
Ան շեշտեց, որ վեհաժողովը հաստատած է արաբական երկիրներուն դէմ ծառացած ներկայ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար արաբական միասնականութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւնը` շնորհակալութիւն յայտնելով Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն, որոնք վեհաժողովը Պէյրութի մէջ հիւրընկալեցին:
Պասիլ իր կարգին յայտնեց, որ Քաթարի իշխանին ներկայութիւնը Քաթարի շրջափակումը խզելու քայլ մըն էր, որ միաժամանակ նախաձեռնութիւն մը դարձաւ` խզելու նաեւ վեհաժողովին շրջափակումը:
Նշենք, որ ե՛ւ լիբանանեան, ե՛ւ քաթարեան շրջանակները հերքեցին այն լուրերը, թէ Քաթար ստանձնած է Արաբական տնտեսական վեհաժողովի կազմակերպումին ամբողջական ծախսը եւ Կեդրոնական դրամատան մէջ հսկայ գումար մը զետեղած:
Միւս կողմէ, վստահելի աղբիւրներ հաստատեցին, որ Քաթարի իշխանին Լիբանան այցելութիւնը Լիբանանի համար շատ լաւ եւ կարեւոր պիտի ըլլայ: Նոյն աղբիւրները աւելցուցին, որ այդ այցելութեան կարեւորութիւնը պիտի դրսեւորուի հետագային:
Վեհաժողովին աշխատանքը իր աւարտին հասաւ երեկոյեան ժամը 5:00-ին: Նիստէն բխած Պէյրութի յայտարարութիւնը կարդաց Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի օգնական Հուսամ Զաքի, որ յայտնեց, թէ արաբական երկիրները համախոհութեամբ ընդգծեցին գաղթականներու եւ տեղահանուածներու տունդարձի քաջալերումին կարեւորութիւնը:
«Նկատի ունենալով սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին հետեւանքները` անոնց հիւրընկալ պետութիւններուն մէջ միջազգային ընտանիքը եւ արաբական երկիրները պէտք է օժանդակեն այդ պետութիւններուն, որպէսզի անոնք կարենան հոգալ տեղահանուածներուն կարիքները», ըսաւ Զաքի:
Ան շեշտեց, որ արաբական երկիրները համախոհութիւն գոյացուցած են սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին գծով միջազգային ընտանիքէն պահանջելու, որ իր պատասխանատուութիւնը ստանձնէ` լուծելու համար գաղթականներու եւ տեղահանուածներու հարցը:
Ան աւելցուց, որ միջազգային ընտանիքէն պահանջուած է ամէն ջանք ի գործ դնել սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին ի խնդիր եւ անոնց օժանդակել` իրենց երկրին մէջ վերահաստատուելու: Պահանջուած է նաեւ հիւրընկալ պետութիւններուն օժանդակել իրենց խոստումը յարգելու, որովհետեւ սուրիացի տեղահանուածները եւ պաղեստինցի գաղթականները հիւրընկալող երկիրներուն տնտեսական պարտաւորութիւնը հսկայական է:
Յայտարարութեան ընթերցումէն ետք Ապուլ Ղէյթ եւ Պասիլ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեցին, որ Լիբանան հիւրընկալած է յաջող վեհաժողով մը:
Ապուլ Ղէյթ շեշտեց, որ Սուրիոյ թղթածրարը այս վեհաժողովին ընթացքին չէ քննարկուած` աւելցնելով, որ 2012-ին, երբ Արաբական լիկային Սուրիոյ անդամակցութիւնը սառեցուեցաւ, ինք Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար չէր: Ան շեշտեց, որ այդ հարցը այլ տեղ կամ Թունուզի վեհաժողովին ընթացքին կարելի է քննարկել:
Ապուլ Ղէյթ ընդգծեց, որ վեհաժողովին արդիւնքները շատ դրական են:
Ապուլ Ղէյթ նկատել տուաւ նաեւ, որ Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող վեհաժողովին մասնակցող նախագահներուն եւ ղեկավարներուն թիւը նուազեցնելու իմաստով ճնշումներուն մասին տեղեկութիւնները անճիշդ են` հաստատելով, որ վեհաժողովին մասնակցութեան որոշումը արաբական երկիրներու նախագահներուն եւ ղեկավարներուն որոշումն է:
Իր կարգին, Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանան կը մերժէ իր վրայ բանեցուող որեւէ ճնշում: Ան նշեց, որ արաբական վեհաժողովին արաբական ընդարձակ ներկայութիւն արձանագրուեցաւ, եւ արաբ եղբայրները ամէն մակարդակով վերադարձան Լիբանան:
Անդրադառնալով այն իրականութեան, որ Լիբանան պահանջած էր Սուրիոյ վերադարձը Արաբական լիկային, Պասիլ ըսաւ, թէ այդ պահանջը Լիբանան Սուրիոյ հետ համադրաբար չէ ներկայացուցած, այլ` այն համոզումով, որ Սուրիա Արաբական լիկայի հիմնադիր երկիր է եւ պէտք չէ անոր մասնակցութիւնը լիկայի գործունէութենէն զանց կացուցուի:
Պասիլ մաղթեց, որ արաբները Լիբանան վերադառնան իբրեւ զբօսաշրջիկներ եւ բարեկամներ` նկատի ունենալով բոլորին հետ Լիբանանի հեզասահ յարաբերութիւնները: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց վեհաժողովին մասնակցող արաբական բոլոր պատուիրակութիւններուն եւ դրուատեց, որ Լիբանանի մէջ գումարուած Արաբական տնտեսական վեհաժողովը առանց ոչ մէկ դէպքի յաջողութեամբ աւարտեցաւ:
Առաւօտեան բացման նիստին ընթացքին նախագահ Աուն արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Լիբանանի կրած ծանր բեռին` պաղեստինցի գաղթականներուն գոյութեան պատճառով: Ան աւելցուց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու հարցը եւ այդ պատճառով ալ կոչ կ՛ուղղէ միջազգային ընտանիքին բոլոր պայմանները ստեղծելու եւ իր կարելին ընելու` սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձը երաշխաւորելու համար, առանց ատիկա առնչելու Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման:
Նախագահ Աուն առաջադրեց նաեւ արաբական երկիրները, յատկապէս քանդուած արաբական երկիրները վերակառուցելու արաբական դրամատան մը հաստատումը:
Իր կարգին, Ապուլ Ղէյթ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ արաբական երկիրներուն դիմագրաւած տնտեսական եւ մարդկային հարցերուն: Ան նշեց, թէ բաւարար է հաստատել, որ Սուրիոյ պատերազմին պատճառով չորս միլիոն սուրիացի երեխաներ լքած են դպրոցը, Սոմալի եւ Եմէնի մէջ եւս ստեղծուած մարդկային աղէտալի իրավիճակը անտանելի է, առանց մոռնալու նաեւ գոյատեւման պայքար մղող պաղեստինցիներուն ամէնօրեայ չարչարանքը:
Վեհաժողովին ընթացքին կատարուած քննարկումներուն շրջագիծին մէջ Միջազգային դրամատան Ա. փոխնախագահ Մահմուտ Մուհիէտտին անդրադարձաւ համաշխարհային մակարդակով արձանագրուած քաղաքական եւ տնտեսական փոփոխութիւններուն, որոնց շրջագիծին մէջ ան հաստատեց, որ Արաբական տնտեսական վեհաժողովը տեղի կ՛ունենայ տնտեսական խախուտ պայմաններու ներքեւ:
Ան կոչ ուղղեց տնտեսական մարզը բարգաւաճեցնելու աշխատանքներուն մէջ արաբ կնոջ մասնակցութեան, որպէսզի ան եւս իր ներդրումը ունենայ արաբական աշխարհի տնտեսական իրավիճակի բարելաւումին մէջ:
Մաւրիտանիոյ նախագահ Մոհամետ Ուըլտ Ապտելազիզ հաստատեց, որ տնտեսական համախմբումներու ստեղծումը անհրաժեշտ է, իսկ անոնց իրականացնելիք յաջողութեան գրաւը կարելի է երաշխաւորել արաբական աշխարհին մէջ ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելով:
Սուտանի փոխնախագահ Պաքրի Հասան Սալեհ կոչ ուղղեց արաբական երկիրներուն մէջ մեկուսացումի երեւոյթներուն վերջ տալու եւ Արաբական առեւտրական շրջանը իրականութիւն դարձնելու:
Ալճերիոյ խորհրդարանի նախագահ Ապտել Քատեր պըն Սալեհ հաստատեց, որ առանց ապահովութեան կարելի չէ տնտեսական բարգաւաճում իրականացնել` աւելցնելով, որ ատոր իրականացումը կարիքը ունի արաբ անհատին նկատմամբ բարգաւաճման ռազմավարութիւններու:
Պաղեստինեան իշխանութեան վարչապետ Ռամի Համտալլա իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը մերժելի է նախքան 1967-ի սահմաններով Պաղեստինի ստեղծումը:
Յորդանանի վարչապետ Օմար Ռազազ հաստատեց, որ արաբական երկիրներուն մէջ պէտք է ապահովական կայունութիւն պարտադրել, որպէսզի կարելի ըլլայ բարգաւաճման մասին խօսիլ: Ան ցաւ յայտնեց, որ ապահովական կայունութիւնը արաբական երկիրներէն կը բացակայի:
Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի շեշտեց, որ մարդակերտումի համար կատարուած ներդրումները լաւագոյն գործիքակազմերը կը նկատուին ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղութեան դէմ պայքարին մէջ:
Սէուտական Արաբիոյ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Ժըտաան կոչ ուղղեց միասնականացնելու ճիգերն ու ջանքերը` դիմադրելու համար արաբական երկիրներուն ապահովութիւնը տկարացնող քայլերուն, ինչպէս նաեւ հզօրացնելու համար արաբական երկիրներուն միջեւ առեւտուրը:
Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Խալետ պըն Ահմետ պըն Մոհամետ Ալ Խալիֆէ կոչ ուղղեց բոլոր մարզերուն մէջ արաբական գործունէութիւնը աշխուժացնելու` դիմադրելու համար ծայրայեղութեան եւ պատերազմներուն, որոնք կը սպառնան արաբական ընկերութիւններուն խաղաղութեան:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու տնտեսութեան նախարար Սուլթան պըն Սայիտ Մանսուրի շեշտեց, որ բարգաւաճումի ծրագիրներուն վերաբերեալ ներդրումները յաջող գրաւ կը նկատուին եւ անոնք աւելի լաւ ապագայ մը կրնան ապահովել արաբ նորահաս սերունդներուն:
Եմէնի ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի նախարար Մոհամետ Ապտել Ուահետ կոչ ուղղեց Եմէնը նկատելու Արաբական տնտեսական վեհաժողովին առաջնահերթութիւնը:
Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ալի Հաքիմ ընդգծեց, որ Պէյրութ պիտի մնայ արաբական այն մայրաքաղաքը, որ գրկաբաց կը հիւրընկալէ բոլորը: Ան հաստատեց, որ Իրաք առանցքային դերակատարութիւն պիտի ունենայ շրջանի ապահովական կայունութեան հաստատումին մէջ:
Թունուզի արտաքին գործոց նախարար Խամիս Ժուհայնաուի կարեւոր նկատեց Արաբական տնտեսական վեհաժողովին գումարումը` շեշտելով, որ տնտեսական միացեալ գործունէութիւնը արաբական քաղաքացիական ապահովութեան անմասնատելի մէկ բաժինը կը նկատուի:
Քուէյթի արտաքին գործոց նախարար Սապահ Խալետ Ահմետ Սապահ յայտնեց, որ Քուէյթ պիտի աշխատի արհեստագիտութեան մարզին մէջ 200 միլիոն տոլարի ներդրում մը կատարելու` դիմագրաւելու համար արաբական երկիրներուն սպառնացող մարտահրաւէրներն ու վտանգները: