Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ ոմանք գրաւ դրած էին շրջանին մէջ ամերիկեան ծրագիրի յաղթանակին վրայ, «իսկ անցնող օրերուն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու օգնական Տէյվիտ Հէյլ այցելեց Լիբանան եւ կատարեց իր շրջապտոյտը, որուն նպատակն էր Ուաշինկթընի դաշնակիցներուն տրամադրութիւնը բարձրացնել` առանց առիթ տալու անոնց, որ յուսալքուին: Հէյլ զանոնք խրախուսելու համար հաստատեց, որ ամերիկեան ծրագիրը կը շարունակուի, Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն շրջափակել Իրանը եւ ճնշում բանեցնել Իրանի վրայ: Ան փորձեց համոզել զանոնք, որ Սուրիոյ որոշումները Իրանի հակակշիռին ենթակայ չեն», ըսաւ ան:
Ռաատ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ շփոթի մատնուած են շրջանին մէջ, որովհետեւ անոնք գրաւ դրած էին, թէ Սուրիա մէկ ամսուան ընթացքին պիտի տապալի, սակայն տարիներ ետք անոնք ներկայիս ականատես կը դառնան այն իրականութեան, որ ամբողջ շրջանը տապալեցաւ` բացի Սուրիայէն եւ սուրիական վարչակարգէն, որուն քայքայումին համար երեք ամսուան ժամկէտ ճշդուած էր:



