Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ գործող արաբական եւ օտար երկիրներու դեսպանատուներուն զինուորական կցորդները, որոնց միջոցով ան Նոր տարուան շնորհաւորութիւններ յղեց անոնց բանակներուն եւ պետութիւններուն, ինչպէս նաեւ բարեմաղթութիւնները փոխանցեց անոնց եւ անոնց ընտանիքներուն:
Զօր. Աուն յայտնեց, որ նախորդ տարուան ընթացքին շրջանային մակարդակով քաղաքական տագնապները շարունակուեցան, ինչպէս նաեւ շրջանի կարգ մը երկիրներուն մէջ պատերազմը տակաւին չէ աւարտած, իսկ ահաբեկչութիւնը իր քանդիչ ծրագիրներով կը շարունակէ հարուածել ընկերութիւնները` անոնց մէջ տարածելով սադրանքներ ու սպառնալիքներ:
«Լիբանանեան առումով, հակառակ երկրին դիմագրաւած քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական դժուարութիւններուն, յատկապէս Լիբանանի մէջ աւելի քան մէկ միլիոն սուրիացի տեղահանուածներու գոյութեան պայմաններուն մէջ, լիբանանեան բանակը հայրենիքին նկատմամբ իր պատասխանատուութիւնները կը ստանձնէ: Բանակը կը պահպանէ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան քաղաքացիական անվտանգութիւնը` ապահովական միւս կառոյցներուն հետ գործակցելով: Բանակն ու ապահովական կառոյցները պատրաստ են հարուածելու լիբանանեան ներքին ապահովական կայունութեան սպառնացող ահաբեկչական որեւէ փորձ, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ ան կազմ ու պատրաստ կը մնայ, ինչպէս նաեւ յանձնառու` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան, մինչդեռ թշնամի Իսրայէլ կը շարունակէ ամէնօրեայ դրութեամբ ոտնձգութիւններ գործել Լիբանանի ցամաքային, օդային եւ ծովային գերիշխանութեան դէմ», ըսաւ զօր. Աուն:
Ան շեշտեց, որ բանակը հարաւային Լիբանանի մէջ կը գործակցի ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ, ինչպէս նաեւ կը գործակցի Նաքուրայի մէջ կայացող եռակողմանի նիստերուն հետ` պահպանելու համար սահմանային Կապոյտ գիծի անդորրը:
Բանակի հրամանատարը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր երկիրներուն, որոնք կ՛օժանդակեն լիբանանեան բանակին` ըլլայ ան ահաբեկչութեան դէմ պայքարով, ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան մասնակցութեամբ, թէ զինուորական օժանդակութիւն յատկացնելով: «Այդ կեցուածքը կը փաստէ լիբանանեան բանակին նկատմամբ ձեր վստահութիւնը, որովհետեւ դուք զայն հիմնական գործընկեր կը նկատէք` խաղաղութեան պահպանումին նպատակով: Այդ գործակցութեան շնորհիւ է, որ կարելի եղաւ բարելաւել լիբանանեան բանակին մարտական ու գումակային կարողութիւնները, եւ լիբանանեան բանակը յաւելեալ զօրակցութեան կը ձգտի», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակին եւ ներկայ զինուորական կցորդներուն ներկայացուցած բոլոր երկիրներու բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու:
Իր կարգին, Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ դեսպանատան զինուորական կցորդ գնդապետ-զօրավար Ասման Հանզ կցորդներու պատուիրակութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց զօր. Աունին` դրուատելով լիբանանեան բանակին նուաճած մակարդակը` մարզումի եւ զինուորական գործողութիւնները իրականացնելու, յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու առումով:
Ան լիբանանեան բանակին զօրակցութիւն յայտնեց` Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու եւ Լիբանանին սպառնացող վտանգները չէզոքացնելու առումով:



