Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ Մեհրապի մէջ փոխըմբռնումի համաձայնագիրի ստորագրութեան Գ. տարեդարձին առիթով` երէկ նոյն կուսակցութիւններուն ղեկավարներն ու պատասխանատուները արձանագրեցին ողջոյնի խօսքեր:
Այսպէս, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն շեշտեց. «Քաղաքականութիւններուն մէջ շատ բան կը փոխուի, սակայն հաշտութիւնը խղճի պարտք մըն է, որ կատարուեցաւ ամբողջական համոզումով` մեր եւ Լիբանանեան ուժերուն միջեւ, հետեւաբար անիկա շատ աւելի բարձր է, քան որեւէ այլ համաձայնագիր: Կ՛ողջունեմ բոլոր նահատակներուն յիշատակը եւ կը հաստատեմ, որ այդ հաշտութեան ու հաշտութեան ոգիին կառչած պիտի մնանք: Իսկ ժողովրդավարական մրցակցութիւնը կարիք մըն է, որ մեզի տկարացնելու փոխարէն պէտք է զօրացնէ»:
Իր կարգին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Պատմական հաշտութիւն մը` ի խնդիր ապագայի»:
Հզօր Լիբանան համախմբումի փոխնախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան նշեց, որ Մեհրապի փոխըմբռնումի համաձայնագիրը եղած է ու պիտի շարունակէ մնալ քրիստոնեայ համայնքին եւ անոր ազգային սկզբունքներուն ապահովութեան ցանցը:
Անկախութիւն շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ ընդգծեց, որ ինք միշտ պիտի պաշտպանէ Մեհրապի համաձայնագիրը, որովհետեւ այդպիսով պաշտպանած պիտի ըլլայ գործակցութիւնն ու հաւասարութիւնը:



