Վարչապետ Սաատ Հարիրի նախանցեալ գիշեր ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթն ու Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի:
Նշենք, որ վարչապետ Հարիրի ընդունեց նաեւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէն, որուն հետ քննարկեց քաղաքական եւ կրթական մարզերուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
 
			


