Լիբանանեան

Պըրրի Պիտի Նախագահէ Կառավարութեան  Վստահութեան Քուէի Լիագումար Նիստերուն

Պըրրի Պիտի Նախագահէ Կառավարութեան Վստահութեան Քուէի Լիագումար Նիստերուն

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին պիտի նախագահէ խորհրդարանի լիագումար նիստերուն, որոնք յատկացուած պիտի ըլլան կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի քննարկումին եւ ըստ այնմ նախարարաց խորհուրդին շնորհուելիք վստահութեան քուէին: Այս ուղղութեամբ Պըրրի երէկ երեկոյեան նախագահեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի նիստին: Այն Թինէի մօտիկ աղբիւրներ երէկ երեկոյեան յայտնեցին, որ կառավարութեան վստահութեան քուէի խորհրդարանի լիագումար նիստերը կրնան մինչեւ ուրբաթ օր...

Ռոպեր Ղանեմ Մահացաւ

Ռոպեր Ղանեմ Մահացաւ

Նախկին նախարար եւ երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմ անցեալ շաբաթ օր սրտի կաթուածի պատճառով մահացաւ: Ռ. Ղանեմ ծնած է Արեւմտեան Պեքաայի Սաղպին գիւղաքաղաքին մէջ, 1942-ին: Ան զաւակն է լիբանանեան բանակի նախկին հրամանատար զօր. Իսքանտար Ղանեմի: Իրաւաբանութեան ճիւղը աւարտած է 1965-ին, իսկ 1992-ի, 2000-ի, 2005-ի եւ 2009-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ներկայացած է իբրեւ թեկնածու եւ բոլոր ընտրութիւններուն ալ յաջողած` քանի մը նստաշրջան իր կեանքը...

Տուպայի Մէջ.  Վարչապետ Հարիրի Կը Հաստատէ «Սետր»-ի  Խորհրդաժողովին Խոստացուած  Բարեկարգումները  Գործադրելու Յանձնառութիւնը

Տուպայի Մէջ. Վարչապետ Հարիրի Կը Հաստատէ «Սետր»-ի Խորհրդաժողովին Խոստացուած Բարեկարգումները Գործադրելու Յանձնառութիւնը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթավերջին ուղղուեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, ուր մասնակցեցաւ Կառավարութիւններու համաշխարհային վեհաժողովին: Այս առիթով վարչապետ Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ Ապու Տապիի գահաժառանգ իշխան շէյխ Մոհամետ պըն Զայէտ Ալ Նահիանի հետ: Դռնփակ հանդիպումի մը ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Վարչապետ Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու փոխնախագահ, Տուպայի կառավարիչ շէյխ Մոհամետ պըն Ռաշետ Ալ...

Ապուլ Ղէյթ Ընդգծեց Արաբական Լիկայի  Զօրակցութիւնը Լիբանանի  Կայունութեան Ամրապնդումին

Ապուլ Ղէյթ Ընդգծեց Արաբական Լիկայի Զօրակցութիւնը Լիբանանի Կայունութեան Ամրապնդումին

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ երէկ առաւօտեան պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն Ապուլ Ղէյթին յայտնեց, թէ Լիբանան կազմած է յանձնախումբ մը, որ պիտի հետեւի 20 յունուար 2019-ին Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած Տնտեսական բարգաւաճումի արաբական վեհաժողովէն բխած որոշումներուն գործադրութեան: Նախագահ Աուն ընդգծեց...

Մամլոյ Արձակուրդ

Մար Մարոնի տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երկուշաբթի, 11 փետրուար 2019-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երեքշաբթի, 12 փետրուար 2019-ին:  

Նախագահ Աուն Դատաւոր Ֆահըտի Հետ Քննարկեց  Դատական Իշխանութեան Յատուկ Խորհրդաժողովին  Նախապատրաստական Աշխատանքները

Նախագահ Աուն Դատաւոր Ֆահըտի Հետ Քննարկեց Դատական Իշխանութեան Յատուկ Խորհրդաժողովին Նախապատրաստական Աշխատանքները

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Դատական իշխանութեան գերագոյն խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Ժան Ֆահըտը, որուն հետ քննարկեց նախագահական պալատին մէջ տեղի ունենալիք դատական իշխանութեան յատուկ խորհրդաժողովին նախապատրաստական աշխատանքները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ դատավարութիւններուն վերաբերող շարք մը հարցեր: Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, որուն ընկերակցեցաւ կուսակցութեան մէկ պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները`...

Նախարար Կիտանեան Ընդունեց Հարաւային  Քորէայի Եւ Չիլիի Դեսպանները

Նախարար Կիտանեան Ընդունեց Հարաւային Քորէայի Եւ Չիլիի Դեսպանները

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Չիլիի դեսպան Մարթա Շալհուպը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները: Ծանօթացման բնոյթ ունեցող արարողակարգային այս հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Չիլիի միջեւ զբօսաշրջական մարզի գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները: Ա. Կիտանեան նոյն տիպի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Հարաւային Քորէայի դեսպան Եունկ Տի Քուանի հետ: Զոյգ հանդիպումներուն ընթացքին նախարար Կիտանեան ընդգծեց երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը, որպէսզի...

Պըրրի Ընդունեց Ահմետ Հարիրին  Եւ Զասիփքինի Հետ Քննարկեց  Ներկայ Իրադարձութիւնները

Պըրրի Ընդունեց Ահմետ Հարիրին Եւ Զասիփքինի Հետ Քննարկեց Ներկայ Իրադարձութիւնները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրին` ընկերակցութեամբ երեսփոխան Նազիհ Նաժըմի, ինչպէս նաեւ Ֆատի Թամիմի եւ Ժալալ Քապրիթի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական հարցերն ու անոնց լուծման պատկերացումները: Հանդիպումէն ետք Հարիրի ընդգծեց Լիբանանի դիմագրաւած այս դժուար փուլը օրէնքներու վաւերացումով եւ փտածութեան դէմ պայքարով անցընելու կարեւորութիւնը: Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ...

Պասիլ. «Տնտեսական Մեր Հիմնական Նպատակն Է  Արտածումները Աւելցնելով Սրբագրել  Երկրին Առեւտրական Հաշուեկշիռը»

Պասիլ. «Տնտեսական Մեր Հիմնական Նպատակն Է Արտածումները Աւելցնելով Սրբագրել Երկրին Առեւտրական Հաշուեկշիռը»

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ նախագահեց վարժանիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան նախարարութեան տնտեսական կցորդները, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Մանսուր Պթէյշ եւ արտաքին առեւտուրի պետական նախարար Հասան Մըրատ: Վարժանիստին ընթացքին նախարար Պասիլ շեշտեց, որ տնտեսական կցորդները պէտք է վերածուին Լիբանանի արտաքին առեւտուրի բանակին, ինչպէս նաեւ ըլլան այն հիմնասիւնը, որուն վրայ պիտի յենի արտաքին առեւտուրի պետական...

Այթանի. «Ամէն Ջանք Ի Գործ Պիտի Դնենք  Լուծելու Պէյրութի Երթեւեկի Խճողումին Հարցը»

Այթանի. «Ամէն Ջանք Ի Գործ Պիտի Դնենք Լուծելու Պէյրութի Երթեւեկի Խճողումին Հարցը»

Պէյրութի քաղաքապետ Ժամալ Այթանի երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ քաղաքապետութիւնը կ՛աշխատի քաղաքացիներուն դիմաց վերաբանալ մայրաքաղաքի այն բոլոր ճամբաները, որոնք քարաշէն անցարգելներով փակուած են ապահովական նկատառումներով, ինչպէս նաեւ պիտի արգիլէ Պէյրութի փողոցներուն երկու կողմերուն վրայ ինքնաշարժ կանգնեցնելու համար տեղ ապահովելու ապօրինի դրութիւնը: Ան նշեց, որ Պէյրութի մէջ երթեւեկի խճողումին պատճառը դէպի մայրաքաղաք ամէնօրեայ դրութեամբ 250 հազար ինքնաշարժներու մուտքն է`...

Ժորժ Ֆարիտ Զրէյք Ինքզինք  Հրկիզելով Մահացաւ

Ժորժ Ֆարիտ Զրէյք Ինքզինք Հրկիզելով Մահացաւ

Լիբանանցի քաղաքացի Ժորժ Զրէյք երէկ Քուրայի Պքաֆթին շրջանի դպրոցի շրջափակին մէջ ինքզինք հրկիզելով մահացաւ: Ժորժ Ֆարիտ Զրէյք լիբանանցի հայր մըն է, որ ուղղուած էր Պքաֆթինի դպրոց իր դստեր փոխանցագիրը խնդրելու, զինք պետական վարժարան արձանագրելու նպատակով` նկատի ունենալով դպրոցին նկատմամբ ունեցած իր նիւթական պարտաւորութիւնները, որոնք ծանր էին անոր վրայ եւ կարողութիւն չունէր զանոնք կատարելու: Սակայն դպրոցին տնօրէնութեան կողմէ անոր պահանջին մերժումը...

Պթէյշ Կոչ Ուղղեց Թուրքիոյ Երեք  Ամսուան Համար Վերացնելու Լիբանանէն  Ջարդօն Ներածելու Արգելքը

Պթէյշ Կոչ Ուղղեց Թուրքիոյ Երեք Ամսուան Համար Վերացնելու Լիբանանէն Ջարդօն Ներածելու Արգելքը

Տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Մանսուր Պթէյշ եւ արտաքին առեւտուրի պետական նախարար Հասան Մըրատ, որոնք երկու օր առաջ ուղղուած էին Թուրքիա, Պոլսոյ մէջ ընդարձակ հանդիպում մը ունեցան Թուրքիոյ առեւտուրի նախարարութեան հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ առեւտրական յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը: Պթէյշ ընդգծեց Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ պատմական յարաբերութիւնները եւ լուսարձակի տակ առաւ Թուրքիոյ շահերուն ծառայող Լիբանան-Թուրքիա երկկողմանի առեւտրական գործակցութիւնը:...

Արսլան. «Տեղահանուածներու  Թղթածրարը Պէտք Չէ Քաղաքականացնել»

Արսլան. «Տեղահանուածներու Թղթածրարը Պէտք Չէ Քաղաքականացնել»

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան երէկ նախագահեց Լեռնալիբանանի երաշխիք երեսփոխանական պլոքի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան գաղթականներու հարցերու նախարար Ղասսան Աթալլա եւ տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպ, ինչպէս նաեւ նախկին նախարար Սեզար Ապի Խալիլ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը եւ անոր ընթացքին երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքներուն վրայ հիմնուելու կարեւորութիւնը: Արսլան Լեռնալիբանանի երաշխիք երեսփոխանական պլոքին անունով...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԻՐԱՆԻ արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆ վաղը` կիրակի, 10 փետրուարին, երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը հասնի Պէյրութ: ԱՐԱԲԱԿԱՆ լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ապուլ Ղէյթ երկուշաբթի, 11 փետրուարին պիտի այցելէ Պէյրութ: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց փտածներուն դէմ ժողովրդային յեղափոխութիւն մը կատարելու: ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալպեր Սարհան շեշտեց դատական իշխանութեան աշխատանքի թափը արագացնելու կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ արդարութեան ուշացումը համազօր...

Մնացականեան. «Համապարփակ Եւ Ընդլայնուած  Գործընկերութեան Համաձայնագիրը Կը Հանդիսանայ  Հայաստանի Հանրապետութիւն – Եւրոպական Միութիւն  Յարաբերութիւններու Նոր Իրաւական Հենքը»

Մնացականեան. «Համապարփակ Եւ Ընդլայնուած Գործընկերութեան Համաձայնագիրը Կը Հանդիսանայ Հայաստանի Հանրապետութիւն – Եւրոպական Միութիւն Յարաբերութիւններու Նոր Իրաւական Հենքը»

7 փետրուարին Թալին կատարած պաշտօնական այցելութեան շրջագիծին մէջ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան հանդիպում ունեցաւ Էսթոնիոյ խորհրդարանի Եւրոպական Միութեան հարցերով յանձնախումբի նախագահ Թոմաս Վիթսութի հետ: Նախարար Մնացականեան բարձր գնահատեց խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը` իբրեւ երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ գործակցութեան ամրապնդման հարթակի եւ վերահաստատեց հայկական կողմի` այդ մարզին մէջ սերտ համագործակցութիւն ծաւալելու պատրաստակամութիւնը: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը Էսթոնիոյ խորհրդարանի Եւրոպական Միութեան...

Կառավարութիւնը Վաւերացուց  Իր Աշխատանքային Ծրագիրը

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Իր Աշխատանքային Ծրագիրը

Իր կազմութենէն ճիշդ շաբաթ մը ետք, կառավարութիւնը վաւերացուց իր աշխատանքային ծրագիրը: Երէկ կէսօրին կառավարութիւնը նախագահական պալատին գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Հարիրի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին վերաբերող հարցեր: Նիստին ընթացքին ներկայացուեցաւ եռօրեայ նիստերէ ետք նախարարական յանձնախումբին մշակած աշխատանքային...

Իտալիոյ Վարչապետը Զօրակցութիւն  Կը Յայտնէ Լիբանանին Եւ Պատրաստակամութիւն`  Խաղաղութեան Եւ Երկխօսութեան Նպաստելու

Իտալիոյ Վարչապետը Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Լիբանանին Եւ Պատրաստակամութիւն` Խաղաղութեան Եւ Երկխօսութեան Նպաստելու

Իտալիոյ վարչապետ Ճիուզեփփէ Քոնթի երէկ առաւօտեան պաշտօնական այցելութեամբ հասաւ Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն հետ` ընդգծելով Լիբանանի նկատմամբ Իտալիոյ մնայուն զօրակցութիւնը: Քոնթի այցելեց նախագահական պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ լիբանանեան-իտալական երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդումին` երկրին զանազան մարզերու պարագային: Ան դրուատեց երկկողմանի գործակցութիւնը, յատկապէս տնտեսական,...

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց ՄԱԿ-ին  Իր Դերը Կատարելու` Մեծ  Պետութիւններու Ազդեցութենէն Հեռու

Նախագահ Աուն Կոչ Ուղղեց ՄԱԿ-ին Իր Դերը Կատարելու` Մեծ Պետութիւններու Ազդեցութենէն Հեռու

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրներու պատասխանատու Ֆիլիփ Լազարինին` ընկերակցութեամբ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի պատասխանատուներու մէկ պատուիրակութեան: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան կը ձգտի ՄԱԿ-ին հետ գործակցութիւնը ամրապնդել` իրականացնելու այն նպատակները, որոնց ինք կը հաւատայ: Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին իր դերը կատարելու` մեծ պետութիւններու ազդեցութենէն հեռու: Իր կարգին, Լազարինի...

Լասըն Եւ Եւրոպական Երկիրներու  Դեսպանները Ընդգծեցին «Սետր»-ի  Բարեկարգումները Գործադրելու  Կարեւորութիւնը

Լասըն Եւ Եւրոպական Երկիրներու Դեսպանները Ընդգծեցին «Սետր»-ի Բարեկարգումները Գործադրելու Կարեւորութիւնը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ եւրոպական երկիրներու դեսպաններուն, ինչպէս նաեւ նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրիի: Հանդիպումէն ետք Եւրոպական Միութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Լասըն եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը վարչապետ Հարիրին շնորհաւորած են` նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով: Անոնք նկատել տուած են, որ նոր կառավարութեան դիմագրաւած կարեւորագոյն մարտահրաւէրները...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ Ղասսան Հասպանի երէկ յայտնեց, որ լիբանանեան հողերը պաշտպանելու իմաստով մեզի համար օրինականութիւնը կարեւոր է: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ ելեւմուտքի նախարարութիւնը պատրաստ է 2019-ի պետական ամավարկը քննարկելու: ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպ շեշտեց, որ տեղահանուածներու թղթածրարը կարելի չէ լուծել` առանց Սուրիոյ հետ խօսելու: Ժամանակն է արդէն, որ Լիբանանի շահերը առաջնահերթ նկատենք: ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Ֆատի Ժրայսաթի հանդիպում...

Page 581 of 988 1 … 580 581 582 … 988

Արխիւներ