Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 6, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ընդունեց նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ նորակազմ կառավարութեան յաջողութեան եւ երկրին դէմ ծառացած բոլոր մարտահրաւէրներուն յաղթահարումը կարելի է ապահովել միասնականութեամբ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կոչ ուղղեց կառավարութեան աշխատանքով հատուցելու կառավարութեան կազմութեան շրջագիծին մէջ արձանագրուած ուշացումը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-բրիտանական յարաբերութիւնները:

ԻՍՐԱՅԷԼԻ պաշտպանութեան նախարարութեան նախկին պաշտօնատար Ամոս Կիլատ ըսաւ. «Յաջորդ պատերազմին Հըզպալլա մեր դէմ օրական 2500 հրթիռ պիտի արձակէ, եւ չեմ կարծեր, որ մեր հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգը պիտի կարենայ անոնց դէմ դնել»:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց. «Եթէ թշնամի Իսրայէլ կը փափաքի Լիբանանի դէմ յարձակիլ եւ պատերազմ սանձազերծել, ապա մենք պատրաստ ենք»:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Քամիլ Ապու Սլէյման յայտնեց, որ իրենց թղթածրարներով պիտի հասնին հոն, ուր ուրիշներ չեն յանդգնիր հասնիլ: Ան շեշտեց, որ կաշառակերութեան դէմ պայքարելու որոշումը տրուեցաւ այն պահուն, երբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը ստանձնեց նախարարութիւնը:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ լաւատեսութիւն յայտնեց` կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին արագ մշակումին առումով: Ան հաստատեց, որ ոչ ոքի պիտի արտօնեն խանգարել երկրին մէջ տիրող դրական մթնոլորտը:

ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալպեր Սարհան յայտնեց, որ իրենց համար առաջնահերթութիւն է, փտածութեան վերաբերող թղթածրարները վաւերացնել եւ դատավարութիւնները արագացնել:

ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Մոհամետ Շքէյր յայտնեց, որ երկրին կառավարութիւնը վարչապետ Սաատ Հարիրին կազմած է, եւ այդ մասին կատարուած աւելորդաբանութիւններուն վերջ պէտք է տրուի:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Մոհամետ Տաուտ Տաուտ շեշտեց, որ «Ժողովուրդ, բանակ, Դիմադրութիւն» մշակոյթը պէտք է ընկերութեան բոլոր շերտերուն վրայ ընդհանրացուի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին շնորհուելիք վստահութեան քուէէն շատ աւելի կարեւոր է, որ ժողովուրդը իր վստահութիւնը տայ` նորակազմ կառավարութեան:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ֆատի Սաատ շեշտեց, որ կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհելէ ետք պիտի ջանան հսկել օրէնքներու գործադրութեան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ պահանջուածը մթնոլորտի հանդարտութիւնն է, որպէսզի նորակազմ կառավարութիւնը հեզասահօրէն իր աշխատանքները կատարէ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանի յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը պատրաստ է եւ անոր շուրջ համախոհութիւն գոյացած է, իսկ այդ մասին արձագանգները շատ դրական են:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլան շնորհաւորութիւններ ընդունեց Սալեհ Ղարիպի` տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար նշանակուելուն առիթով: Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնները անհրաժեշտութիւն են` տեղահանուածներուն հարցերը լուծելու համար:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան հաստատեց, որ ինք պահանջած է, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը ըլլայ մէկ տող. «Ժողովուրդին հոգերը առաջնահերթութիւն նկատել»: Ան նշեց, որ ինք պաշտօնի համար բնաւ չի պայքարիր, այլ` ծրագիրներու, «իսկ այսօրուան իմ ծրագիրս կառավարութեան յաջողութիւնը ապահովելն է, իսկ աթոռով չեմ հետաքրքրուած»:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Պեզզի կոչ ուղղեց, որ ելեկտրականութեան թղթածրարը ըլլայ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին առաջին կէտը:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ կառավարութեան կազմութիւնը շնորհաւորողներէն ան խնդրած է «անցած ըլլայ» ըսել, որովհետեւ կառավարութեան կազմութեան այդքան երկարատեւ հոլովոյթին համար մարդ միայն ներում կրնայ հայցել: Նախագահ Աուն հաստատած է նաեւ, որ իւրաքանչիւր նախարար իր նախարարութեան մէջ պիտի սկսի փտածութեան դէմ պայքարը:

Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը ուշացնելու ոչ մէկ պատճառ կայ` աւելցնելով, որ ան պիտի կեդրոնանայ ելեկտրականութեան հարցին լուծման վրայ»:

 

Նախորդը

Աւարտելով Արաբական Թերակղզի Իր Պատմական Այցելութիւնը` Ֆրանչիսկոս Պապը Պատմական Պատարագ Մատուցեց Ապու Տապիի Մարզադաշտին Մէջ

Յաջորդը

Մաշնուք Այսօր Ներքին Գործոց Նախարարութեան Պատասխանատուութիւնը Կը Յանձնէ Ռայա Հասանին

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.