Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական իրավիճակը` նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական վերջին իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Սալամէ յայտնեց, որ նոր կառավարութեան կազմութեամբ լիբանանեան շուկային մէջ տոլարը վերադարձաւ` գնելու համար լիբանանեան թղթոսկին, ինչ որ խնայողութեան առումով կ՛ամրապնդէ լիբանանեան թղթոսկիին դերակատարութիւնը:
Սալամէ նշեց նաեւ, որ միջազգային մակարդակի վրայ Լիբանանի` եւրոյով բաժնետոմսերուն արժէքը տասը առ հարիւրի բարձրացում արձանագրած է:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն կէսօրին ընդունեց ելեւմտական հարցերու ընդհանուր դատախազ Ալի Իպրահիմը` ընկերակցութեամբ դատաւորներ Նատին Ժըրմանոսի, Տորա Խազենի, Ֆաթեն Իսայի, Իման Ապտալլայի եւ Ժան Թաննուսի:
Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը նախագահ Աունին ներկայացուց այն թղթածրարները, որոնք իրենք ստանձնած են:
Այս ուղղութեամբ նախագահ Աուն շեշտեց, որ ելեւմտական հարցերու ընդհանուր դատախազութիւնը հիմնական դերակատարութիւն պիտի ունենայ փտածութեան դէմ պայքարելու առումով: Ան նշեց, որ այդ աշխատանքը պիտի կատարուի թղթածրարները լաւ սերտելով եւ անոնց նկատմամբ հատու, արդար եւ առարկայական մօտեցում ցուցաբերելով:
Նախագահ Աուն ընդգծեց դատաւորներուն վրայ բանեցուելիք հաւանական ճնշումներուն դէմ յանդգնութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ պայքարելու կարեւորութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով, որ կառավարութեան կազմութենէն ետք բարեկարգումի ուղին մեծ աշխուժութիւն պիտի վկայէ:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ փտածութեան ախտը պէտք է աստիճանաբար արմատախիլ ըլլայ` պետութեան եւ քաղաքացիին միջեւ գործակցութեամբ: Ան ընդգծեց, որ այդ գործակցութիւնը անհրաժեշտ է` պայքարելու համար կաշառքին, կասկածելի համաձայնութիւններուն եւ օրէնքի խախտումին դէմ:
 
			


