Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Հարիրի Նախագահեց Կառավարութեան Աշխատանքային Ծրագիրի Մշակման Նիստին

February 5, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրուան ժամը 1:00-ին, վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մշակումը ստանձնած նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան նախարարներ Ալի Հասան Խալիլ, Մոհամետ Ֆընէյշ, Աքրամ Շեհայէպ, Սելիմ Ժրայսաթի, Եուսեֆ Ֆընիանոս, Ժամալ Ժարրահ, Մայ Շիտիաք, Մանսուր Պթէյշ, Սալեհ Ղարիպ եւ Քամիլ Ապու Սլէյման, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ֆուատ Ֆլայֆել եւ հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր:

Շուրջ չորս ժամ տեւած նիստէն մեկնումի պահուն նախարար Ֆընէյշ յայտնեց, որ նիստին մթնոլորտը շատ դրական եղած է:

Միւս կողմէ, տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին մաղթեց, որ յանձնախումբը վաղն իսկ աւարտէ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մշակումը:

Ժարրահ յայտնեց, որ իրենք կը ջանան ծրագիրին բանաձեւումը յստակ կերպով մշակել եւ հարցերուն նկատմամբ ուղղակի մօտեցում ու պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութիւն ցուցաբերել, «որովհետեւ այս ծրագիրը ժողովուրդին դիմաց կառավարութեան յանձնառութիւնն է», ըսաւ ան:

Ժարրահ նշեց, որ տարակարծութիւններ չկան, եւ քննարկումը առարկայական կերպով կը կատարուի:

Ան նկատել տուաւ, որ հաւանաբար յանձնախումբը այսօր եւս կարճ հանդիպում մը կ՛ունենայ` ընդգծելով, որ արծարծուած բոլոր հարցերուն պարագային տարակարծութիւն յառաջացնող կէտեր չկան:

Ֆլայֆելի Եւ Վարչապետարանի Կարգ Մը Պաշտօնեաներու Մեծարանքի Հանդիսութիւն

Վարչապետ Հարիրի նախագահեց վարչապետարանին մէջ կազմակերպուած` նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ֆուատ Ֆլայֆելի եւ վարչապետարանի մեծ թիւով պաշտօնեաներու մեծարանքի հանդիսութեան, որուն ընթացքին շեշտեց, որ իրենք իրենց զաւակներուն պէտք է նոր երկիր մը կտակեն` աւելցնելով, որ եթէ իրենք անկարող են ատիկա յաջողցնել, ապա կրնան տուն վերադառնալ:

Ան նշեց, որ կառավարութիւնը աշխատանքի տակաւին չսկսած ըսի-ըսաւները սկսած են, իսկ ո՛վ որ կը կարծէ, թէ ղեկավարութիւն ունի, պէտք է իմանայ, որ անիկա ժողովուրդին ի վնաս չի կրնար ըլլալ:

«Որոշած եմ տիւ ու գիշեր աշխատիլ, իսկ աշխատանքս արգելակողը պէտք է հեռանայ ճամբէս, այլապէս ես գործս պիտի շարունակեմ` նոյնիսկ եթէ այդ անձին հետ բախում պիտի ունենամ, ո՛վ որ ալ ըլլայ ան», ընդգծեց ան:

Վարչապետ Հարիրիի վերոնշեալ պատասխանէն ետք Ժոմպլաթ կատարեց հետեւեալ թուիթըրեան գրառումը. «Ո՛չ վսեմաշուք թագաւոր, պետութիւնը ձեր կամ ձեր բարեկամներուն սեփականութիւնը չէ եւ անիկա պայմանագիր չէ»:

Իր կարգին, վարչապետ Հարիրի դարձեալ պատասխանեց Ժոմպլաթին` առանց զինք անուանելու. «Հաստատ պետութիւնը մեր սեփականութիւնը չէ, սակայն ան նաեւ այս կամ այն ղեկավարին կամ կուսակցութեան չի պատկանիր: Մեր ծրագիրը յստակ է եւ անոր նպատակը պետութեան փրկութիւնն է, ինչպէս նաեւ մսխումին հսկողները հանգստեան կոչել: Թուիթըրեան գրառումը քաղաքականութիւն չէ, այլ` հաշիւներու մէջ արձանագրուած որոշ խախտումներուն հաշուոյն քաղաքականութենէ հրաժարում: Այդպէս է… չէ՞»:

 

Նախորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Կոչ Կ՛ուղղեմ Հանդարտութեան, Իսկ Կառավարութեան Մէջ Մեր Գործունէութիւնը Պիտի Ըլլայ Հիմնական Եւ Ազդեցիկ»

Յաջորդը

«Կառավարութեան Կազմութեամբ Ամբողջովին Փոխադրուած Ենք Նոր Փուլ Մը, Իսկ Սէուտցիներուն Լիբանան Այցելութեան Արգելքը Պիտի Վերացուի» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.