Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կրօնական Զբօսաշրջութեան Եւ Ուխտագնացութեան Վատիկանեան Գրասենեակը Պիտի Վերադառնայ Լիբանան

February 7, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կրօնական զբօսաշրջութեան եւ ուխտագնացութեան վատիկանեան «Օփերա Ռոմանա» գրասենեակը Լիբանան վերադառնալու նպատակով Վատիկանէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Լիբանան` Պէյրութի մէջ իր վերադարձի նախապատրաստութիւնները կատարելու նպատակով:

Նշենք, որ Կրօնական զբօսաշրջութեան եւ ուխտագնացութեան վատիկանեան գրասենեակը տարիներէ ի վեր Պէյրութի իր աշխատանքները կասեցուցած էր:

Այդ գրասենեակը վերահաստատելու նպատակով Լիբանան հասաւ վատիկանեան պատուիրակութիւն մը, որ հանդիպում մը ունեցաւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի հետ:

Պատուիրակութեան մաս կազմեցին գրասենեակի ընդհանուր քարտուղար գերապայծառ Ռեմօ Չիաւարինի, գերապայծառ Փիեռօ Մարինի, Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերի, գերապայծառ Իվան Սանթոս եւ Վատիկանի մէջ լիբանանեան դեսպանատան գործավար, դեսպան Խալիլ Քարամ:

Հանդիպումին ընթացքին նախարար Կիտանեան պատուիրակութեան ներկայացուց նախարարութեան որդեգրած կրօնական զբօսաշրջութեան ծրագիրը, որուն մեկնարկը պիտի կատարուի մարտ ամսուան ընթացքին:

Նախարար Կիտանեան ներկայացուց նաեւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան պատրաստած ծանուցողական տեսահոլովակները, որոնք պիտի անդրադառնան կրօնական զբօսաշրջութեան, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Լիբանանը կրօնական զբօսաշրջութեան մարզ վերադարձնելու համար ի գործ դրուած բոլոր ջանքերուն:

 

 

Նախորդը

Հըզպալլայի Եւ Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Միջեւ Փոխըմբռնումի Համաձայնագիրի Ստորագրութեան Տարեդարձին Առիթով Հաւաք

Յաջորդը

Պըրրի. «Կառավարութեան Դիմաց Լուրջ Մարտահրաւէրներ Կան»

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.