Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ Նիստ Մը` Վաւերացնելու Համար Իր Աշխատանքային Ծրագիրը

Փետրուար 7, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի մշակումը ստանձնած նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Աքրամ Շեհայէպ, հանրապետութեան նախագահութեան հարցերու պետական նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս, տեղեկատուութեան նախարար Ժամալ Ժարրահ, վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Մայ Շիտիաք, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Մանսուր Պթէյշ, տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպ եւ աշխատանքի նախարար Քամիլ Ապու Սլէյման, ինչպէս նաեւ նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ֆուատ Ֆլայֆել եւ հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Անթուան Շքէյր:

Նիստէն ետք նախարար Ժարրահ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ նախարարական յանձնախումբը վերջին ընթերցում մը կատարած է իր մշակած աշխատանքային ծրագիրին, որ արդէն իր վերջնական ձեւին մէջ կը գտնուի:

Ան նշեց, որ իրենք աշխատանքային ծրագիրին վրայ կարգ մը աննշան փոփոխութիւններ կատարած են` առանց ծրագիրին էութիւնը փոխելու:

Ժարրահ ըսաւ. «Հաւանական է, որ կառավարութիւնը վաղը (այսօր, «Ա.») գումարէ նիստ մը` վաւերացնելու համար իր աշխատանքային ծրագիրը»: Մինչ այդ, յայտարարուած էր արդէն, թէ կառավարութիւնը այսօր կէսօրուան ժամը 12:00-ին պիտի գումարէ նիստ մը` վաւերացնելու համար իր աշխատանքային ծրագիրը:

Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ կառավարութիւնը պիտի կոչուի «Դէպի աշխատանք»-ի կառավարութիւն:

Ժարրահ ընդգծեց, որ նախարարական յանձնախումբը իր երրորդ նիստը գումարած է դրական մթնոլորտի մը մէջ` առանց վերապահութիւններու եւ մօտեցումներու տարբերութեան: «Նախարարական յանձնախումբին մէջ ներկայացուած իւրաքանչիւր քաղաքական ուժ յանձնառու էր Լիբանանին եւ լիբանանեան տնտեսութեան նկատմամբ», ըսաւ ան:

Ժարրահ նշեց, որ կառավարութիւնը նախանձախնդիր պիտի մնայ ներածումները աւելցնելով նուազեցնելու պետական ամավարկի նիւթական բացը` աւելցնելով, որ այդ մէկը պարտքերու բարձրացում չի նշանակեր:

«Աշխատանքային ծրագիրին մէջ անկեղծ միտում կայ երկրին տնտեսական կացութիւնը փրկելու», շեշտեց Ժարրահ:

Վարչապետ Հարիրիի Այցելուները

Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին, որ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի եւ Եգիպտոսի կառավարութեան շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Հարիրիին` նոր կառավարութեան կազմութեան առիթով:

Նաժարի Հարիրիին բարեմաղթութիւններ փոխանցեց` մաղթելով, որ անոր կազմած նոր կառավարութիւնը նուաճումներ գործէ` լիբանանցիներուն շահերուն ի խնդիր:

Նաժարի յոյս յայտնեց, որ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը կ՛ամրապնդուի` քաղաքական ուժերուն միջեւ, որպէսզի հաւասարակշռուած կերպով իրագործուին Լիբանանի շահերն, ու իրականանայ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Նաժարի նկատել տուաւ, որ վարչապետ Հարիրիին փոխանցած է Եգիպտոսի կառավարութեան զօրակցութիւնն ու երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան նկատմամբ իր նախանձախնդրութիւնը:

Նաժարի շեշտեց, որ Լիբանանի նկատմամբ Եգիպտոսի զօրակցութեան մասին վերջերս Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրի յայտնած էր Լիբանանի իշխանութիւններուն` ընդգծելով ամէնէն աւելի տնտեսական մարզին մէջ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

«Մենք պատրաստ ենք յառաջիկայ փուլին Լիբանանին տրամադրելու մեր օժանդակութիւնը, որպէսզի նորակազմ կառավարութիւնը իր ստանձնած պատասխանատուութիւնը յաջողութեամբ աւարտէ», ըսաւ Նաժարի:

Վարչապետ Հարիրի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ծրագիրներու գործադրութեան հսկող ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լազարինին:

Լազարինի շնորհաւորեց Հարիրին` նոր կառավարութիւնը կազմելու, ինչպէս նաեւ այդ կառավարութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով չորս կին նախարար նշանակելու առիթով: Ան գնահատեց նաեւ այն իրականութիւնը, որ առաջին անգամ ըլլալով է, որ արաբական աշխարհին մէջ կին մը կը ստանձնէ ներքին գործոց նախարարութիւնը:

Լազարինի նկատել տուաւ, որ ինք Լիբանանի կառավարութեան նկատմամբ ՄԱԿ-ի զօրակցութիւնը վերահաստատած է` ընդգծելով «Սետր»-ի, «Հռոմ 2»-ի եւ «Պրիւքսել»-ի խորհրդաժողովներուն ընթացքին տնտեսական եւ յատկապէս ելեկտրականութեան մարզի բարեկարգումներու մասին Լիբանանի խոստումներուն գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը:

Վարչապետ Հարիրիի այցելեցին նաեւ Լիբանանի մէջ Քաթարի եւ Յորդանանի դեսպաններ Մոհամետ Ժապիրին եւ Նեպիլ Մասարուէն, որոնք շնորհաւորեցին զինք` կառավարութեան կազմութեան առիթով:

Յայտնենք, որ վարչապետ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ազհարի շէյխ Ահմետ Թայիպի հետ եւ շնորհաւորեց զինք Ֆրանչիսկոս պապին հետ «Մարդկային եղբայրութիւն» ուխտին ստորագրութեան առիթով:

Հարիրի ընդգծեց, որ Ֆրանչիսկոս պապին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ այցելութիւնը պատմական է` աւելցնելով, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու իշխանութիւնը իր պատմութեան մէջ փայլուն էջ մը աւելցուցած է` «Մարդկային եղբայրութիւն» համաշխարհային խորհրդաժողովը կազմակերպելով:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Հարիրի դրուատեց պապին այցելութեան առիթով Ազհարի շէյխին արտասանած խօսքը, յատկապէս մէջբերելով այն, որ շէյխ Ահմետ Թայիպ Արեւելքի քրիստոնեաներուն կոչ ուղղած է իրենք զիրենք այդ Արեւելքին մէկ բաժինը նկատելու եւ վերջ տալու իրենք զիրենք փոքրամասնութիւններ անուանելու իրականութեան:

Հարիրի շեշտեց, որ Ֆրանչիսկոս պապին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ այցելութիւնը շրջանին մէջ համերաշխութեան անհրաժեշտութիւնը կը վերահաստատէ` աւելցնելով, որ Լիբանան Արեւելքի մէջ տակաւին կը ներկայանայ իբրեւ համերաշխութեան, չափաւորականութեան եւ ուրիշին կրօնը յարգելու օրրանը:

 

Նախորդը

Պաապտայի Մէջ. «Նախագահ Աուն Ժոմպլաթի Միակ Դաշնակիցն Է» Շեշտեց Ապու Ֆաուր

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութիւնը Հրապարակեց Իր Ծրագիրի Նախագիծը

RelatedPosts

Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ  Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ  Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»

Օգոստոս 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել  ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ  Ֆրանսական Նախագիծը
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ Ֆրանսական Նախագիծը

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?