Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Կառավարութեան Դիմաց Լուրջ Մարտահրաւէրներ Կան»

February 7, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին գոհունակութիւն յայտնեց կառավարութեան կազմութեան առիթով:

Պըրրի նշեց, որ կառավարութեան դիմաց լուրջ մարտահրաւէրներ կան` մաղթելով, որ նախարարաց խորհուրդը աշխատանքի սկսի` դիմագրաւել կարենալու համար այդ մարտահրաւէրները եւ հատուցելու համար վատնուած ժամանակը, որպէսզի կարելի ըլլայ իրականացնել լիբանանցիներուն ցանկութիւններն ու ակնկալութիւնները:

Խորհրդարանի նախագահը վերահաստատեց, որ ինք նախապէս յայտարարած իր կեցուածքին, թէ ամսական դրութեամբ օրէնսդրական հաշուետուական նիստերով պիտի հետեւի կառավարութեան աշխատանքին, յանձնառու կը մնայ: Ան նշեց, որ եթէ կառավարութիւնը այսօր վաւերացնէ իր աշխատանքային ծրագիրը, ապա ինք խորհրդարանը ցերեկային եւ գիշերային նիստերու պիտի հրաւիրէ երեքշաբթի, 12 եւ չորեքշաբթի, 13 փետրուարին, իսկ եթէ կարիք ըլլայ` նաեւ ուրբաթ կէսօրէ ետք:

Պըրրի շեշտեց, որ Իսրայէլ շատ վտանգաւոր քայլեր կ՛առնէ հարաւային Լիբանանի ծովային սահմանները շահագործելու իմաստով: «Նման քայլեր լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն կը նկատուին եւ թիրախ կը դարձնեն Լիբանանի ջուրերուն մէջ գտնուող նաւթային հարստութիւնը», ըսաւ ան:

Պըրրի նկատել տուաւ, որ այս մասին ինք լուռ պիտի չմնայ եւ Իտալիոյ վարչապետին հետ այսօրուան հանդիպումին ընթացքին պիտի արծարծէ այս հարցը:

Խորհրդարանի նախագահը նկատել տուաւ, որ լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող նաւթի իններորդ հանքի պեղումները ստանձնած են երեք ընկերութիւններ` իտալական, ֆրանսական եւ ռուսական: «Իսրայէլեան ոտնձգութիւնները կը շարունակուին, հակառակ անոր որ ընկերութիւնները հարաւային Լիբանանի ծովային սահմաններէն 25 քմ հեռացած են», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, Պըրրի Իրանի յեղափոխութեան 40-ամեակին առիթով շնորհաւորական հեռագիրներ յղեց Իրանի հոգեւոր գերագոյն պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիին, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիին եւ խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանիին:

 

 

 

Նախորդը

Կրօնական Զբօսաշրջութեան Եւ Ուխտագնացութեան Վատիկանեան Գրասենեակը Պիտի Վերադառնայ Լիբանան

Յաջորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Իբրեւ Իրանի Բարեկամ Պատրաստ Եմ Լիբանանեան Բանակին Հակաօդային Հրթիռային Համակարգ Ապահովելու»

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.