Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայա Հասան Ստանձնեց Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը

February 7, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Ռայա Հասան երէկ նախարարութեան շրջափակին մէջ ընդունուեցաւ պաշտօնական արարողութեամբ, ապա դիմաւորուեցաւ նախկին նախարար Նուհատ Մաշնուքի կողմէ, որմէ ստանձնեց նախարարութեան պատասխանատուութիւնը:

Մաշնուք նախարարութեան պատասխանատուութիւնը յանձնեց Հասանին` հաստատելով, որ հերթափոխութիւնը ժողովրդավարութեան էութիւնն է` աւելցնելով, որ ինք նախարարութեան պատասխանատուութիւնը կը փոխանցէ իր բարեկամուհիին` Ռայա Հասանին, որ լիբանանցիներուն հպարտութիւնն է:

Ան հաստատեց, որ Հասան այն կին նախարարն է, որ երկրորդ անգամ ըլլալով ուժային նախարարութիւն մը կը ստանձնէ, «եւ վստահ եմ, որ պիտի արժանանայ լիբանանցիներու յարգանքին», ընդգծեց ան:

Մաշնուք շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Սաատ Հարիրիին, որ երկու կառավարութիւններու մէջ զինք ներքին գործոց նախարար նշանակած է` հաստատելով, որ ինք խոստացած է ամբողջ Լիբանանի նախարարը ըլլալ եւ այսօր հանգիստ խղճով իր պաշտօնը կը ձգէ:

Ան նշեց, որ Պեքաայի մէջ նախարարութիւնը թերացած է ապահովութիւն հաստատելէ` ոչ պետական զէնքի տիրական ներկայութեան պատճառով, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց համաներում իրականացնելու:

Իր կարգին, Հասան շեշտեց, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը օրէնքի գործադրութեան եւ քաղաքացիին ծառայութեան նախարարութիւնն է` աւելցնելով, որ անիկա իրեն համար մարտահրաւէր մըն է` իբրեւ կին իր կարողութիւնները փաստելու:

Հասան նշեց, որ երկիրը ապահովական կայունութիւն կը վայելէ` ընդգծելով, որ երթեւեկի իմաստով օրէնքներու գործադրութիւնը խստօրէն պիտի պարտադրուի, որպէսզի կարելի ըլլայ երթեւեկը դիւրացնել եւ խճողումը մեղմացնել:

Հասան ընդգծեց, որ կիներու դէմ գործուած բռնարարքներուն առումով օրէնքը խստօրէն պիտի գործադրուի, «եւ իւրաքանչիւր կին պէտք է իմանայ, որ Լիբանանի իւրաքանչիւր գիւղի մէջ գտնուող ոստիկանատուն պատասխանատու է անոր պաշտպանութեան», ըսաւ ան:

Հասան նաեւ շեշտեց, որ ապահովութիւնը մարդկային իրաւունքներուն եւ խօսքի ազատութեան չի հակադրուիր:

Նախորդը

Կենսոլորտի Նախարարը Այցելեց Պուրճ Համուտի Թափօններու Թաղման Վայր

Յաջորդը

Հըզպալլայի Եւ Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Միջեւ Փոխըմբռնումի Համաձայնագիրի Ստորագրութեան Տարեդարձին Առիթով Հաւաք

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.