Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյիտ Նասրալլա. «Իբրեւ Իրանի Բարեկամ Պատրաստ Եմ Լիբանանեան Բանակին Հակաօդային Հրթիռային Համակարգ Ապահովելու»

February 7, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի յեղափոխութեան 40-ամեակին առիթով երէկ երեկոյեան Պէյրութի հարաւային արուարձաններու «Սէյիտ Շուհատա» համալիրին մէջ, Հըզպալլայի կողմէ կազմակերպուեցաւ «40 գարնան» փառատօն, որուն ընթացքին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Իրան շրջանի ամէնէն հզօր երկիրն է` ընդգծելով, որ Դիմադրութեան առանցքը աւելի քան երբեք հզօր է:

Այս առիթով սէյիտ Նասրալլա ողջունեց Իրանի յեղափոխութեան առաջնորդ իմամ Խումէյնին, որ պատմական անձնաւորութիւն է եւ յեղափոխութեան կերտիչը: Ան շնորհաւորեց նաեւ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէին` յեղափոխութեան արձանագրած յաղթանակին եւ նուաճումներուն առիթով:

Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ շրջանին մէջ պատահածը Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ կամ Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ տագնապներ չեն, այլ 1979-էն ի վեր Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի դէմ յայտարարուած պատերազմ է, որուն մէջ Սէուտական Արաբիա եւ Ծոցի կարգ մը երկիրներ պարզապէս գործիքներ են:

Ան հաստատեց, որ Ուաշինկթըն կը պնդէ Իրանի դէմ տագնապը պահել ու պատերազմիլ, որովհետեւ ան անկախ եւ գերիշխան պետութիւն մըն է, որ կը մերժէ ամերիկեան վարչակազմին ենթարկուիլ:

Ան դիտել տուաւ, որ Իրան արաբական երկիրներէն ոչինչ կ՛ուզէ, ո՛չ դրամ եւ ո՛չ ալ զէնք, «ընդհակառակն` ան պատրաստ է իր դրամը, զէնքն ու կարողութիւնները ի սպաս դնել արաբական երկիրներուն», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա նկատել տուաւ, որ Սուրիոյ մէջ, արեւելեան լեռնաշղթային եւ երկրին հարաւային սահմաններուն վրայ Հըզպալլա դիմադրած է եւ պատերազմած նեցուկ ունենալով Իրանը, «հետեւաբար երբ Միացեալ Նահանգներ Իրանի դէմ պատերազմ սանձազերծեն, այդ պատերազմին մէջ այս վերջինը առանձինն պիտի չդիմադրէ», յայտնեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ելեկտրականութեան տագնապին հարցին համար Իրան շատ դիւրին լուծումներ կրնայ ապահովել` աւելցնելով, որ ինք իբրեւ Իրանի բարեկամ պատրաստ է լիբանանեան բանակին հակաօդային հրթիռային համակարգ ապահովել` դիմադրելու համար իսրայէլեան օդուժին:

 

 

Նախորդը

Պըրրի. «Կառավարութեան Դիմաց Լուրջ Մարտահրաւէրներ Կան»

Յաջորդը

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Անհրաժեշտ Նկատեց, Որ Կառավարութիւնը Իր Աշխատանքով Կարենայ Հատուցել Վատնուած Ինը Ամիսները

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.