Կենսոլորտի նախարար Ֆատի Ժրայսաթի երէկ այցելեց Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայր, ուր հանդիպում մը ունեցաւ թափօններու թաղման վայրի կապալառու Տանի Խուրիի հետ եւ մանրամասն բացատրութիւն ստացաւ հոն ընթացող աշխատանքին մասին:
Տանի Խուրի եւ թափօններու թաղման վայրի աշխատանքներուն հսկող ճարտարապետ Թուֆիք Քազմուզ անդրադարձան 2016-էն ի վեր զետեղուած աղբը փոխադրելու աշխատանքին:
Կենսոլորտի նախարարը ցաւ յայտնեց շրջանին մէջ տիրող գարշելի հոտին համար եւ ժողովուրդէն ներում հայցեց` 40 տարի անլոյծ մնացած այս թղթածրարին համար: Ան ցաւ յայտնեց, որ աղբի տեսակաւորումը բնակարաններէն չի կատարուիր:
Ֆատի Ժրայսաթի ընդգծեց, որ կառավարութեան վստահութեան քուէի շնորհումէն ետք, ինք պիտի պահանջէ Պուրճ Համուտի թափօններու թաղման վայրին թղթածրարը քննարկել կառավարութեան առաջին նիստին ընթացքին` աւելցնելով, որ շրջանը եւ Հիւսիսային Մեթնը պատող գարշահոտը լուծման մաս կը կազմէ, իսկ անիկա վերջ պիտի գտնէ նախքան այս ամսուան աւարտը:
Ժրայսաթի նշեց, որ ինք տակաւին կը սերտէ աղբի տագնապին լուծման կարելիութիւնները` աւելցնելով, որ Նաամէի թափօններու թաղման վայրը արդիական է` ընդգծելով, որ լուծումը քաղաքական է եւ իր մօտ չի գտնուիր: