Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այսօր եւ վաղը պիտի նախագահէ խորհրդարանի օրէնսդրական նիստերուն, որոնք պիտի գումարուին օրական զոյգ ժողովներու դրութեամբ` ցերեկային եւ գիշերային:
Նշենք, թէ Պըրրի, որ անցեալ շաբաթավերջին ուղղուեցաւ Յորդանան, ուր իր մասնակցութիւնը բերաւ Խորհրդարանական արաբական համադաշնակցութեան 29-րդ խորհրդաժողովին, ընտրուեցաւ Խորհրդարանական արաբական համադաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղար:
Ամմանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովը կրեց «Երուսաղէմը` պաղեստինեան պետութեան յաւիտենական մայրաքաղաքը» խորագիրը: Խորհրդաժողովին մասնակից արաբ խորհրդարանականները հաստատեցին Պաղեստինեան դատին լուծման առումով վստահիլ Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան գործադրութեան, ինչպէս նաեւ շեշտեցին, որ իրենք կը հաւատան, թէ Երուսաղէմը Պաղեստինի մայրաքաղաքն է` ընդգծելով, որ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման որեւէ քայլ մերժելի է:
Խորհրդաժողովին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ անկարելի է Պաղեստինի նկատմամբ պատասխանատուութեամբ խօսիլ եւ Սուրիան լքել: Ան հաստատեց, որ կտրական մերժումի կեցուածք պէտք է որդեգրել բնակեցման ծրագիրներուն դէմ` շեշտելով Դիմադրութեան ուղեգիծին կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը:
Նշենք, որ Պըրրի Ամմանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Յորդանանէն ելեկտրականութիւն ստանալու կարելիութիւնը` անոր փոխարէն Լիբանանէն Յորդանան ջուր մատակարարելով:
Պըրրի եւ Ապտալլա Բ. թագաւորը ընդգծեցին նաեւ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ շեշտեցին տեղահանուածներուն տագնապը լուծելու առումով Սուրիոյ հետ ուղղակի գործակցութեան կարեւորութիւնը:
Միւս կողմէ, Պըրրի նախանցեալ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Յորդանանի լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ:
Յորդանանի մէջ լիբանանեան դեսպանատան մէջ կազմակերպուած հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Յորդանանի խորհրդարանի նախագահ Աթեֆ Թարաունա եւ Յորդանանի մէջ Լիբանանի դեսպան Թրէյսի Շամուն:
Այս հանդիպումին ընթացքին տեղահանուածներու թղթածրարին անդրադառնալով Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը ցարդ այս գծով կը գործէ ջայլամի քաղաքականութեամբ` առանց Սուրիոյ հետ ուղղակի քննարկելու տեղահանուածներու տունդարձին կարելիութիւնները:
Ան մաղթեց, որ 2019-ը ըլլայ լիբանանցիներուն եւ կառավարութեան միջեւ վստահութիւնը վերահաստատելու տարին:



