Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ Ընդունեց Անինն Ու Պըրթը

March 7, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ ընդունեց Գերմանիոյ արտաքին հարցերու պետական նախարար Նիլզ Անինը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի կառավարութեան մշակած աշխատանքային ծրագիրն ու երկրին դիմագրաւած տնտեսական մարտահրաւէրները:

Քննարկուեցան նաեւ երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները` լուսարձակի տակ առնելով յատկապէս սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը:

Պասիլի հետ հանդիպելէ ետք Անին շեշտեց, որ Գերմանիա կը շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանին եւ իր մասնակցութիւնը բերել ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն:

Անին ընդգծեց նաեւ, որ Գերմանիա պատրաստ է քաղաքական առումով գործակցելու Լիբանանի հետ` յատկապէս շրջանային հարցերու վերաբերեալ:

Ան ողջունեց Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը` ընդգծելով, որ քննարկած են «Սետր»-ի խորհրդաժողովի կէտերուն գործադրութեան իմաստով կառավարութեան մշակած ծրագիրը:

Անին յոյս յայտնեց, որ իբրեւ միջազգային ընտանիք պիտի օժանդակեն Լիբանանի բարգաւաճման:

Անդրադառնալով սուրիացի տեղահանուածներուն նկատմամբ Լիբանանի ցուցաբերած աննախընթաց ընդունելութեան` Անին յայտնեց, որ Գերմանիա եւս սուրիացի տեղահանուածներ հիւրընկալած է:

Ան նշեց, որ պէտք է սերտել Սուրիոյ կացութիւնը` իմանալու համար, թէ յարմա՞ր է տեղահանուածներու տունդարձ կատարելը:

Պասիլ ընդունեց նաեւ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Միջին Արեւելքի հարցերու պետական նախարար Էլիսթեր Պըրթը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկի:

Հանդիպումին ընթացքին Պըրթ շնորհաւորեց Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութիւնը եւ մաղթեց, որ մեծ թիւով բրիտանական ընկերութիւններ Լիբանանի մէջ ներդրումներ կատարեն:

Պըրթ շեշտեց, որ Բրիտանիա կը տարբերակէ Հըզպալլայի քաղաքական եւ զինուորական թեւերուն միջեւ` ընդգծելով, որ Հըզպալլայի հետ կապուած Լոնտոնի որոշումը ոչ մէկ ձեւով կ՛ազդէ Լիբանանի նկատմամբ Բրիտանիոյ յանձնառութիւններուն վրայ:

Անդրադառնալով սուրիացի տեղահանուածներուն` Պըրթ յայտնեց, որ Բրիտանիա կը փափաքի, որ տեղահանուածները կամովին տունդարձ կատարեն իրենց երկիրը, պայմանով որ այդ տունդարձը ըլլայ ապահով:

 

Նախորդը

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ Վերջ Տալու Կողմնակի Բանավէճերուն Եւ Սուրիացի Տեղահանուածներուն Ապահով Տունդարձը Ապահովելու

Յաջորդը

Շահէ Պարսումեան Կը Հաստատէ Անպարտ Արձակուելու Ճշմարտութիւնը, Որուն Խուլ Ականջ Կ՛ըլլան Բոլորը

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.