Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Միջին Արեւելքի հարցերով օգնական Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ երէկ այցելեց Լիբանան, ուր ան ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ, որոնց ընթացքին քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու շրջանային զարգացումները:
Սաթըրֆիլտ, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի, այցելեց վարչապետ Սաատ Հարիրիին:
Վարչապետարանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ընդհանուր իրադարձութիւնները, շրջանային զարգացումներն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրի, իսկ
Սաթըրֆիլտ եւ Ռիչըրտ դարձան Հարիրիի ճաշի հիւրերը:
Պուսթրոս Պալատին Մէջ
Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ առաւօտեան ընդունեց Սաթըրֆիլտը` ընկերակցութեամբ դեսպան Ռիչըրտի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Սաթըրֆիլտ յայտնեց, որ Լիբանան ունի նոր նախարարաց խորհուրդ մը, որ երկրին տնտեսութեան վերաբերող զգայուն որոշումներ կ՛որդեգրէ, ինչպէս նաեւ փտածութեան դէմ պայքարի մեկնարկը կատարած է եւ կը զբաղի ապահովական շարք մը հարցերով:
Սաթըրֆիլտ մաղթեց, որ Լիբանանի տուած որոշումներն ու կատարած ընտրութիւնները դրական ըլլան` երկրին շահերուն, եւ ոչ թէ այլոց շահերուն ապահովման գծով:
Սաթըրֆիլտ հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու կը մնան Լիբանանի օժանդակութեան եւ կը փափաքին վկայել անոր զարգացումն ու յառաջդիմութիւնը:
Ժեմայէլի Մօտ
Սաթըրֆիլտ այցելեց նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան դեսպան Ռիչըրտ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան փոխնախագահ Սելիմ Սայեղ, նախկին նախարար Ալեն Հաքիմ եւ կուսակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Մարուան Ապտալլա:
Հանդիպումէն ետք Սաթըրֆիլտ յայտնեց, որ Լիբանան կատարած իր այցելութիւնը կու գայ Լիբանանի կառավարութեան կազմութենէն եւ շրջանային մակարդակի վրայ արձանագրուած զարգացումներէն ետք: Ան շեշտեց, որ իր այցելութեան նպատակն է փոխանցել Միացեալ Նահանգներու մաղթանքը` Լիբանանի մէջ իսկական ապահովական կայունութիւն տեսնելու:
Սաթըրֆիլտ աւելցուց, որ Լիբանանի ապահովական իսկական կայունութիւնը կախեալ է առնուելիք ազգային ընտրանքներէն:
«Լիբանան տառապած է այլոց կողմէ իր հողերուն վրայ շրջանառութեան մէջ դրուած գաղափարաբանութիւններուն մրցակցութենէն, այս իրավիճակը պէտք է փոխուի եւ այս շրջագիծին մէջ պէտք է լուրջ որոշումներ տրուին», հաստատեց ան:
Հանդիպում` Ժոմպլաթի Հետ
Սաթըրֆիլտ այցելեց նաեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի:
Հանդիպումէն ետք Սաթըրֆիլտ մեկնեցաւ մերժելով մեկնաբանութիւն կատարել:
Նշենք, որ փոխվարչապետ Ղասսան Հասպանի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սաթըրֆիլտի Լիբանան կատարած այցելութեան նպատակն է յստակօրէն բացատրել ամերիկեան կեցուածքը, ինչպէս նաեւ Ուաշինկթընի որդեգրելիք նոր որոշումները:
Կը նախատեսուի, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ մարտի կիսուն Լիբանան այցելէ:



