Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց Մարոնիներու լիկայի գործադիր խորհուրդի մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Անթուան Քլիմոսի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ ժամանակն է, որ փտածութեան դէմ պայքարը սկսի` աւելցնելով, որ ինք վստահ է այդ պայքարին իմաստով արձանագրուելիք յաղթանակէն, որովհետեւ բոլոր լիբանանցիները կը զօրակցին այդ պայքարին:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ ոչ ոք անձեռնմխելի է, ինչքան ալ բարձր ըլլայ անոր պաշտօնը:
Անդրադառնալով սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին` նախագահ Աուն յայտնեց, որ այդ թղթածրարը երկրին գերիշխանութեան կը վերաբերի` հաստատելով, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի, որպէսզի տեղահանուածներու տունդարձը ապահովուի:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Զինուորական խորհուրդի նշանակումներուն վերաբերող հարցեր:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Ժամիլ Սէյիտ, նախկին երեսփոխան Ապպաս Հաշեմ եւ Լսատեսողական լրատուամիջոցներու ազգային խորհուրդի նախագահ Ապտել Հատի Մահֆուզ: