Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

March 5, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի Ռուսիա այցելութեան նախապատրաստութիւնները:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ժամիլ Ժապաք այցելեց Մայսէլ Ժապալի, Թըպնինի եւ Պընթ Ժպէյլի հիւանդանոցները: Ժապաք շեշտեց, որ կան շրջաններ, որոնք զրկանքէ կը տառապին, եւ ան իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ պիտի ջանայ անոնց վերադարձնել իրենց իրաւունքը:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտարարեց յանձնախումբի նիստին աւարտը` հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Մոհամետ Շքէյրի բացակայութեան պատճառով:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն կոչ ուղղեց վերջ տալու քաղաքական այն բանավէճերուն, որոնք երկիրը կրնան քանդել: Ան շեշտեց, որ եթէ Լիբանան շօշափելի բարեկարգումներ չկատարէ, ապա ան միջազգային օժանդակութիւններէն պիտի չկարենայ օգտուիլ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան փոխնախագահ Նիքոլա Սահնաուի շեշտեց, որ «Սետր»-ի խորհրդաժողովը 500 միլիոն տոլարի ներդրում կ՛ապահովէ` մարդու բարգաւաճման համար եւ ոչ թէ կառոյցներու:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին, որ նորակազմ կառավարութիւնը յաջողի եւ ոչ թէ վերածուի իրարու դէմ լարուած պատնէշներու կառավարութեան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Անուար Խալիլ շեշտեց, որ խորհրդարանը, յատկապէս խորհրդարանի նախագահը շատ լուրջ մօտեցում կը ցուցաբերեն փտածութեան դէմ պայքարին առումով:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատը` ներկայութեամբ երեսփոխան Թոնի Ֆրենժիէի, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոսի եւ Մարատա հոսանքի տեղեկատուական պատասխանատու, իրաւաբան Սլէյման Ֆրենժիէի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ ընդգծեց, որ փտածութեան դէմ պայքարելու համար պէտք է սկսիլ օրէնքի ամբողջական գործադրութենէն:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քրիս Ռամպլինկ շեշտեց, որ Լոնտոն կը շարունակէ օժանդակել պաղեստինցի գաղթականներուն:

 

Նախորդը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Այցելած Է Պելճիքա

Յաջորդը

Հարիրի Նախագահեց Թուայնացման Անցումի Յատուկ Նախարարական Յանձնախումբի Նիստին

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.