Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մարտ 7, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի կոչ ուղղեց բոլորին քաղաքականութիւնը  փտածութեան դէմ պայքարէն հեռու պահելու:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ժամալ Ժարրահ շեշտեց, որ Լիբանան կը գտնուի տնտեսական զարթօնքի սեմին:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ ինք եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի մէկ նաւու վրայ կը գտնուին` Թրիփոլիի մասնակի ընտրութիւններուն առումով:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց տեղահանուածներու հարցերու նախարար Սալեհ Ղարիպը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Ղարիպ յայտնեց, որ տեղահանուածներու թղթածրարին նկատմամբ Տար Ֆաթուայի հայեացքը արաբական, ազգային եւ մարդասիրական կեցուածք է:

ԱՆԿԱԽՈՒԹԻԻՒՆ շարժումի նախագահ, երեսփոխան Միշել Մուաուատ հաստատեց, որ փտածութեան դէմ պայքարի քաղաքականացումը փտածութեան եւ փտածներուն պաշտպան հանդիսանալ կը նշանակէ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պիլալ Ապտալլա շեշտեց, որ միայն քաղաքական կամքն է, որուն վստահելով կարելի է պայքարիլ փտածութեան դէմ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի Մոսկուա կատարելիք պաշտօնական այցելութիւնը առիթ մը պիտի ըլլայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ տարբեր մարզերու մասին քննարկումներ կատարելու:

Զասիփքին շեշտեց, որ հանդիպումներուն ընթացքին պիտի քննարկուին Ռուսիոյ եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւնները` բոլոր մակարդակներուն վրայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Պաղեստինեան պետութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուր երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն կացութիւնը:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմի հետ: Հանդիպումէն ետք ան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ անքաղաքավար է եւ սադրանքներ կը նախապատրաստէ, «իսկ եթէ Լիբանան ինքզինք յարգող պետութիւն մը ըլլար, ապա անոր ախորժակները կրնար սանձել», ըսաւ ան:

«ԷՄ. ԹԻ. ՎԻ.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ այս շաբաթավերջին պիտի այցելեն Փարիզ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Տէյվիտ Սաթըրֆիլտ հաստատած է, որ լիբանանեան բանակին նկատմամբ ամերիկեան օժանդակութիւնները պիտի շարունակուին:

 

Նախորդը

Փրոֆ. Սամուէլ Մուրատեան Այցելեց «Ազդակ»

Յաջորդը

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Կոչ Կ՛ուղղէ Վերջ Տալու Կողմնակի Բանավէճերուն Եւ Սուրիացի Տեղահանուածներուն Ապահով Տունդարձը Ապահովելու

RelatedPosts

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի  Սահմանին Վրայ Կը Շրջի.   Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Մինչ Քաց Օրթէյկըսի Հետ Լիբանանի Սահմանին Վրայ Կը Շրջի. Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կազայի Կամ Լիբանանի Մէջ Թիրախներ Հարուածելու Համար Ոեւէ Մէկուն Արտօնութեան Կարիքը Չունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Ինծի Լիբանանցիներուն Միջեւ Միասնականութիւն Տուր, Եւ Քեզի Իսրայէլի Դէմ Հաստատ Յաղթանակ Կու Տամ»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ
Լիբանանեան

Սալամ Վատիկանի Մէջ Հանդիպում Ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապի Հետ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?