Վարչապետ Սաատ Հարիրիի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց Սէուտական Արաբիոյ հետ գործակցութեան յատուկ թեքնիք պատուիրակութեան նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան 10-11 մարտին այդ պատուիրակութեան Ռիատ կատարելիք այցելութեան եւ Լիբանանեան-սէուտական գերագոյն յանձնախումբին նիստին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Սէուտական Արաբիա այցելութեան նպատակն է երկկողմանի յարաբերութիւնները քննարկել, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրները վերջնականացնել:
Հարիրի մաղթեց, որ լիբանանեան-սէուտական համաձայնագիրները յաւելեալ աշխուժութեամբ գործադրուին:
Նշենք, որ Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ փոխվարչապետ Ղասսան Հասպանիի հետ: Քննարկուեցան կառավարութեան վերաբերող որոշ հարցեր, ինչպէս նաեւ երկրին ընդհանուր կացութեան վերաբերող խնդիրներ:



