Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց 2019-ի արաբ առաջնակարգ կին ստեղծագործողներու համախմբումին մասնակիցները` ընկերակցութեամբ Լիբանանի Առաջին տիկին Նատիա Շամիի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն կոչ ուղղեց արաբ եւ լիբանանցի կիներուն յաւելեալ մասնակցութիւն ցուցաբերելու արաբական աշխարհի եւ Լիբանանի քաղաքական կեանքին` նկատի ունենալով, որ անոնք իրենք զիրենք փաստած են ընկերային, մարդասիրական եւ ստեղծագործական, ինչպէս նաեւ ազատ արհեստի մարզերուն մէջ:
«Լիբանանցի կինը տարբեր մարզերու մէջ յառաջդիմութիւն արձանագրած է», ըսաւ նախագահ Աուն` աւելցնելով, որ Լիբանանի սահմանադրութեան առջեւ այրերն ու կիները հաւասար են:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել երկու սեռերուն միջեւ հաւասարակշռութիւն հաստատելու:
Ան գնահատեց Լիբանանի կառավարութեան մէջ չորս կին նախարարներ ունենալու իրականութիւնը` հաստատելով, որ անոնք պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած են, եւ մաղթելով, որ Լիբանան կարենայ բոլոր մարզերուն պարագային երկու սեռերուն միջեւ հաւասարութիւն հաստատել:
Նշենք, որ նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ճափոնի մէջ Լիբանանի դեսպան Նիտալ Եհիայի հետ: Քննարկուեցան Քարլոս Ղոսընի հարցին մանրամասնութիւնները:
Հանրապետութեան նախագահին այցելեց նաեւ Գերմանիոյ արտաքին հարցերու պետական նախարար Նիլզ Անին, որուն յայտնեց, թէ Լիբանան սկսած է փտածութեան դէմ պայքարը, ինչպէս նաեւ տնտեսական բարեկարգումները, որոնք նկատի առնուած են «Սետր»-ի խորհրդաժողովի շրջագիծին մէջ:
Ան շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին:



