Լիբանանեան

Տիւքան. «Ներդրումները Դժուար Թէ Ապահովուին,  Առանց Ելեկտրականութեան Մարզը Բարեկարգելու»

Տիւքան. «Ներդրումները Դժուար Թէ Ապահովուին, Առանց Ելեկտրականութեան Մարզը Բարեկարգելու»

«Սետր»-ի խորհրդաժողովի որոշումներու գործադրութեան հոլովոյթին հսկող ֆրանսացի յատուկ պատուիրակ, դեսպան  Փիեռ Տիւքան շաբաթավերջին այցելեց Լիբանան: Տիւքան այցելեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը, ուր ներկայ էին նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրի եւ վարչապետին խորհրդականները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան «Սետր»-ի խորհրդաժողովին որոշումները գործադրելու նպատակով հարկ եղած ջանքերն ու քայլերը: Միւս կողմէ, Տիւքան ֆրանսական դեսպանատան մէջ տուած...

Պըրրի Ընտրուեցաւ Խորհրդարանական Արաբական  Համադաշնակցութեան Ընդհանուր Քարտուղար

Պըրրի Ընտրուեցաւ Խորհրդարանական Արաբական Համադաշնակցութեան Ընդհանուր Քարտուղար

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին ուղղուեցաւ Յորդանան, ուր իր մասնակցութիւնը բերաւ Խորհրդարանական արաբական համադաշնակցութեան 29-րդ խորհրդաժողովին, որ կը կրէր «Երուսաղէմը` պաղեստինեան պետութեան յաւիտենական մայրաքաղաքը» խորագիրը: Ամմանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովին ընթացքին Պըրրի ընտրուեցաւ Խորհրադարանական արաբական համադաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղար: Խորհրդարանական արաբական համադաշնակցութեան նախագահ, Եգիպտոսի խորհրդարանի նախագահ Ալի Ապտել Ալ դատապարտեց Միացեալ Նահանգներու կողմէ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք յայտարարելու որոշումը` շեշտելով, որ Երուսաղէմը...

Սինիորա Մամլոյ Ասուլիսի Մը Ընթացքին  Փտածութեամբ Կ՛ամբաստանէ Հըզպալլան,  Իսկ Ֆատլալլա Կը Պատասխանէ

Սինիորա Մամլոյ Ասուլիսի Մը Ընթացքին Փտածութեամբ Կ՛ամբաստանէ Հըզպալլան, Իսկ Ֆատլալլա Կը Պատասխանէ

Փտածութեան դէմ պայքարի մեկնարկին եւ առաջին հերթին 11 միլիառ տոլարի թղթածրարին լոյսին տակ, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա շաբաթավերջին հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որ տեղի ունեցաւ լրագրողներու սենտիքային մէջ, ներկայութեամբ` երեսփոխան Պահիա Հարիրիի եւ Մուսթաքպալ հոսանքի ներկայ եւ նախկին պետական պաշտօնատարներու: Մամլոյ ասուլիսին նպատակն էր պատասխանել Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Ֆատլալլայի ներկայացուցած այն հաշիւներուն եւ փաստաթուղթերուն, որոնք կը վերաբերէին 2006-2009...

Թունուզի Մէջ.   Ռայա Հասան Կը Մասնակցի Արաբ Ներքին  Գործոց Նախարարներու Խորհրդաժողովին

Թունուզի Մէջ. Ռայա Հասան Կը Մասնակցի Արաբ Ներքին Գործոց Նախարարներու Խորհրդաժողովին

Ներքին գործոց նախարար Ռայա Հասան շաբաթավերջին մեկնեցաւ Թունուզ` մասնակցելու համար արաբ ներքին գործոց նախարարներու 36-րդ խորհրդաժողովին: Հասան ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կազմեցին Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, գնդապետ-զօրավար Էլի Պայսարի եւ սպաներ: Հասան եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցան Թունուզի ներքին գործոց նախարար Հիշամ Ֆուրաթիի կողմէ: Խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ...

Հըզպալլա Կը Մերժէ  Բրիտանիոյ Որոշումը

Հըզպալլա Կը Մերժէ Բրիտանիոյ Որոշումը

Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն կարգին դասելու Բրիտանիոյ որոշումին իբրեւ հակազդեցութիւն, Հըզպալլայի ղեկավարութիւնը հրապարակեց պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Հըզպալլա իսրայէլեան բռնագրաւումին դիմադրող շարժում մըն է` հաստատելով, որ ահաբեկչութեան զօրակցող եւ զայն ֆինանսաւորող ոչ մէկ պետութիւն իրաւունք ունի Դիմադրութեան որեւէ շարժում ահաբեկչութեամբ ամբաստանելու: Հաղորդագրութեան մէջ շեշտուեցաւ, թէ բրիտանական այս որոշումը ամերիկեան վարչակազմին հետեւելու փորձ մըն է, որ կը փաստէ, որ...

Ուահապ. «Էրտողան Թուրքիան  Վերածած Է Հսկայ Բանտի Մը»

Ուահապ. «Էրտողան Թուրքիան Վերածած Է Հսկայ Բանտի Մը»

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն կը շեշտէ, թէ մինչ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան դասալքութիւնը կը շարունակէ` պահանջելով սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան պատասխանատուները, ան 150 հազար պաշտօնեայ արձակած իրենց գործերէն, իսկ 200 հազար հոգի բանտարկած: «Էրտողան Թուրքիան վերածած է հսկայ բանտի մը եւ կը միտի սուրիական հողերուն մէկ մասը կցել Թուրքիոյ», ընդգծեց Ուահապ:

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աուն երեքշաբթի, 26 մարտ 2019-ին պիտի այցելէ Մոսկուա, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ ռուս պետական անձնաւորութիւններու հետ: Նշենք, որ նախագահ Աուն շաբաթավերջին ցաւակցական հեռագիր մը յղեց Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի` գնացքի արկածին պատճառած զոհերուն սուգին առիթով եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն: ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի ընդունեց Ժամաա Իսլամիէի մէկ պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ` շարժումի...

Միացեալ Յանձնախումբերուն Խորհրդարանի  Նիստերը Պիտի Գումարուին Չորեքշաբթի Օրերը

Միացեալ Յանձնախումբերուն Խորհրդարանի Նիստերը Պիտի Գումարուին Չորեքշաբթի Օրերը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նախանցեալ օր նախագահեց խորհրդարանի դիւանի նիստին` ներկայութեամբ խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլիի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ երեսփոխաններ Սամիր Ժսըրի, Մարուան Համատէի եւ Ալեն Աունի, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Ատնան Տահերի եւ ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Մուսայի: Հանդիպումէն ետք Ֆըրզլի յայտնեց, որ միացեալ յանձնախումբերուն խորհրդարանի նիստերը պիտի գումարուին չորեքշաբթի օրերը: Ֆըրզլի նկատել տուաւ...

Դեսպան Աթաբէկեան Պու Սաապի Հետ  Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութեան  Ամրապնդման Հեռանկարները

Դեսպան Աթաբէկեան Պու Սաապի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Գործակցութեան Ամրապնդման Հեռանկարները

Պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապ պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը, որ շնորհաւորեց զինք` պաշտպանութեան նախարար նշանակուելուն առիթով: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի գործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ վերջերս Լիբանանի եւ Հայաստանի բանակներուն միջեւ ստորագրուած պաշտպանութեան մարզի վերաբերող համաձայնագիրը գործադրելու քայլերը: Լասընի Հետ Նախարար Պու Սաապ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընը, որուն...

«Զբօսաշրջական Մեր Ծրագիրով  Աշխարհը Պիտի Զարմացնենք»  Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

«Զբօսաշրջական Մեր Ծրագիրով Աշխարհը Պիտի Զարմացնենք» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի,  երէկ «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը` «Հոսփիթելիթի սըրվիսըզ»-ի կողմէ: Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին մեկնարկը կատարուեցաւ «Հորեքա Լեպանոն» 26-րդ ցուցահանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ «Պիել սիսայտ արենա»-ի մէջ, 2-5 ապրիլ 2019-ին: Մամլոյ ասուլիսին ներկայ գտնուեցան նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Մոհամետ Շքէյր, Տնտեսական-ընկերային խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտ, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջութեան մարզի սենտիքաներու նախագահներ եւ Պէյրութի...

«Կը Պահանջուի Անյապաղ Բարեկարգումներով  Պաշտպանել Լիբանանի Կայունութիւնը»  Շեշտեց Հասան

«Կը Պահանջուի Անյապաղ Բարեկարգումներով Պաշտպանել Լիբանանի Կայունութիւնը» Շեշտեց Հասան

Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու միջազգային օրուան առիթով, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, նախարար Ռայա Հասան երէկ ներկայ գտնուեցաւ Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու Ֆըրն Շըպպեքի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած տօնակատարութեան: Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Հասան խօսքը ուղղելով Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն յայտնեց, որ Լիբանան կը հպարտանայ իրենցմով եւ անոնց կը վստահի` պաշտպանելու լիբանանեան ընկերութեան կայունութիւնը: Հասան քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն խոստացաւ, որ...

Սլէյման Ֆրենժիէ. «Ապագան  Շատ Աւելի Լաւ Պիտի Ըլլայ»

Սլէյման Ֆրենժիէ. «Ապագան Շատ Աւելի Լաւ Պիտի Ըլլայ»

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ, ըստ աւանդութեան Մեծ պահքի նախօրեակին սարքեց ընթրիք մը, Զղարթայի պալատին մէջ: Այս առիթով Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Լիբանանն ու լիբանանցիները դժուար պայմաններ դիմագրաւած են, սակայն ապագան շատ աւելի լաւ պիտի ըլլայ: «Այն փուլը, որուն ընթացքին Լիբանանի գոյութեան վտանգ կը սպառնար, արդէն իսկ վերջ գտած է, իսկ քաղաքական մեր ուղեգիծը, որ արեան գնով պահած ենք, յաղթական դուրս...

Միւֆթի Տըրիան Ընդունեց Շքէյրն Ու Մաշնուքը

Միւֆթի Տըրիան Ընդունեց Շքէյրն Ու Մաշնուքը

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Մոհամետ Շքէյրը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները` կեդրոնանալով փտածութեան դէմ պայքարելու կարեւորութեան վրայ: Հանդիպումէն ետք Շքէյր շեշտեց, որ ինք կը մերժէ ամէն ձեւի եւ տեսակի փտածութիւն` հաստատելով, որ բոլորը պէտք է յանձնառու մնան փտածութեան դէմ պայքարին: Շքէյր շեշտեց, որ ինք պիտի խոստանայ կատարել այն աշխատանքները,...

Մեր Ընթերցողներուն

Սրբոց Վարդանանց զօրավարաց տօնին առիթով «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ ուրբաթ, 1 մարտ 2019-ին: «Ազդակ»-ի յաջորդ թիւը` շաբաթ, 2 մարտին:

Արագ Եւ Անակնկալ Հանդիպում`  Պըրրիի Եւ Հարիրիի Միջեւ

Արագ Եւ Անակնկալ Հանդիպում` Պըրրիի Եւ Հարիրիի Միջեւ

26 փետրուարի երեկոյեան վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ունեցան չնախատեսուած ու արագ հանդիպում մը` Այն Թինէի մէջ: Թէեւ այս մասին պաշտօնական տեղեկութիւն չհրապարակուեցաւ, բայց եւ այնպէս լիբանանեան ներքին կեանքի զարգացումներուն մօտէն հետեւող աղբիւրներ դիտել տուին, որ այցելութիւնը կը վերաբերէր Եգիպտոսի մէջ գումարուած Արաբական-եւրոպական խորհրդաժողովին, որուն մասնակցեցաւ նաեւ վարչապետը` Լիբանանը ներկայացնող պատուիրակութիւնը գլխաւորելով: Ան խորհրդարանի նախագահին տեղեկութիւններ փոխանցեց...

«Քարիթաս»-ի Համագումարի Մասնակիցներուն Կոչը` Հեռու Մնալ Ծայրայեղութիւններէ, Համակեցութեամբ Ընթանալ Դէպի Ապագայ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ` չորեքշաբթի, 27 փետրուարին մասնակցեցաւ «Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի մէջ «Քարիթաս» բարեսիրական միութեան» կազմակերպած եւ տարբեր համայնքներէ հոգեւորականներու մասնակցութեամբ կայացած համագումարին: Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ հանրապետութեան նախագահը յայտնեց, որ մշակոյթներու, քաղաքակրթութիւններու եւ կրօններու միջեւ երկխօսութիւնը լաւագոյն միջոցն է ամէն տեսակ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու, նորափթիթ սերունդներուն մտքերուն ու համոզումներուն մէջ չսերմանելու ծայրայեղական մօտեցումներ,...

Պասիլ. «Լիբանան Երկխօսութեան  Երկիր Է, Ոչ` Բախումի»

Պասիլ. «Լիբանան Երկխօսութեան Երկիր Է, Ոչ` Բախումի»

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ կոչ ուղղեց արտերկրի լիբանանցիներուն` այցելելու Լիբանանի մէջ գտնուող կրօնական սրբավայրերը, որոնցմէ շատերուն անծանօթ են անոնք` դիտել տալով, որ Լիբանան սուրբ հող է, այդ պատճառով ալ ան կրօնական զբօսաշրջութեան առումով հիանալի վայր կրնայ ըլլալ: Ան այս հաստատումը կատարեց, երբ կը մասնակցէր «Սրբավայրերու պահպանման վերաբերող յուշագիր»-ի ստորագրութեան արարողութեան` ներկայացնելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը: Պասիլ հաստատեց, որ...

Նախագահ Աուն Վերահաստատեց Լիբանանի  Վճռականութիւնը` Սուրիացի Տեղահանուածներու  Տունդարձի Աշխատանքը Շարունակելու

Նախագահ Աուն Վերահաստատեց Լիբանանի Վճռականութիւնը` Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձի Աշխատանքը Շարունակելու

Երէկ` երեքշաբթի, 26 փետրուարին, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ, դեսպան Քրիսթինա Լասընի, այցելեց Լիբանանի իշխանութեան երեք պետերուն: Նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին ան հաստատեց, որ Լիբանան պիտի շարունակէ իր ջանքերը Սուրիոյ մէջ ապահով շրջաններ փոխադրելու սուրիացի տեղահանուածները, առանց սպասելու Սուրիոյ վերաբերող քաղաքական լուծումին, որ շատ երկար ժամանակի կրնայ...

Ֆետերիքա Մոկերինի. «Կը Գործակցինք  Լիբանանի Հետ` Աւելի  Լաւ Երկիր Կերտելու Տեսլականով»

Ֆետերիքա Մոկերինի. «Կը Գործակցինք Լիբանանի Հետ` Աւելի Լաւ Երկիր Կերտելու Տեսլականով»

Երէկ` երեքշաբթի, 26 փետրուարին, վարչապետ Սաատ Հարիրի` ներկայացնելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը, բացումը կատարեց Եւրոպական Միութեան նոր կեդրոնատեղիին` ներկայութեամբ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի, Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ, դեսպան Քրիսթինա Լասընի, դեսպաններու, նախարարներու եւ երեսփոխաններուն: Դեսպան Քրիսթինա Լասըն իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը 1979-էն ի վեր Լիբանանի կողքին է` լաւ թէ վատ օրերուն,...

Նախարար Կիտանեան Կ՛ընդունի  Լիբանանի Մէջ Յունական  Փառատօնի Կազմակերպիչները

Նախարար Կիտանեան Կ՛ընդունի Լիբանանի Մէջ Յունական Փառատօնի Կազմակերպիչները

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան  ընդունեց Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Ֆրանսիսքոս Ֆարոսը, որուն կ՛ընկերանային Լիբանանի մէջ յունական փառատօներու յանձնախումբի նախագահ Ժորժ Իտն ու անդամները, ինչպէս նաեւ լրագրողներ Ճեսի Թրատն ու Ռանա Ռիշա-Իտը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան յունիսին Լիբանանի Ժիպէյլ քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք եռօրեայ փառատօնի նախապատրաստական եւ կազմակերպական աշխատանքները: Նախարար Կիտանեան ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց այս նախաձեռնութեան, որ տեղի պիտի ունենայ զբօսաշրջութեան նախարարին...

Page 577 of 988 1 … 576 577 578 … 988

Արխիւներ