Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժան Փիեռ Լաքրուա Հաստատեց Լիբանանի Նոր Կառավարութեան Հետ Գործակցութիւնը Շարունակելու Յանձնառութիւնը

Մարտ 13, 2019
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Խաղաղարար գործողութեանց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յանձնակատար եւ ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիի խաղաղարար գործողութեանց վարչութեան նախագահ Ժան Փիեռ Լաքրուան` ընկերակցութեամբ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլի եւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի  ընդհանուր քարտուղարի նոր նշանակուած անձնական ներկայացուցիչ Եան Քուպիչը:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն դրուատեց լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ սերտ յարաբերութիւնը, որ կը նպաստէ սահմանային շրջանի ապահովական կայունութեան պահպանումին:

Նախագահ Աուն նշեց, որ Լիբանան տակաւին դէմ յանդիման կը գտնուի ծովային սահմանագծումին եւ տնտեսական շրջանը ճշդելու իմաստով Իսրայէլի ցուցաբերած մերժումին, հակառակ այդ մասին կատարուած բոլոր առաջարկներուն:

Նախագահ Աուն ընդգծեց Լիբանանի ցամաքային, ծովային եւ օդային սահմաններու խախտումը եւ Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւնները կասեցնելու անհրաժեշտութիւնը:

Իր կարգին, Լաքրուա վերահաստատեց Լիբանանի հետ ՄԱԿ-ի գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը` տարբեր մարզերու վերաբերեալ:

«ՄԱԿ յանձնառու կը մնայ Լիբանանի նոր կառավարութեան հետ գործակցութիւնը շարունակելու», ըսաւ ան եւ բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` սահմանային խաղաղութիւնը պահպանելու առաքելութեան մէջ:

Պըրրիի Մօտ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին ընդունեց Լաքրուան:

Պըրրի ընդգծեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ հարաւային Լիբանանի բնակչութեան միջեւ ընտանեկան յարաբերութիւններու գոյութիւնը` աւելցնելով, որ զինք մտահոգողը ծովային սահմանագծումին արձանագրած յապաղումն է:

Պըրրի շեշտեց, որ ծովային սահմանագծում կատարելու իմաստով ՄԱԿ-ի դերակատարութիւնը անհրաժեշտ է:

Վարչապետին Հետ

Վարչապետ Սաատ Հարիրի ընդունեց Լաքրուան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Լաքրուա յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրի իր եւ Լիբանանի կառավարութեան զօրակցութիւնը յայտնած է ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն:

Լաքրուա նկատել տուաւ, որ վարչապետին հետ քննարկած են լիբանանեան իշխանութիւններուն եւ ՖԻՆԻՒԼ-ին միջեւ գործակցութիւնը` ընդգծելով այդ գործակցութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը:

Պուսթրոս Պալատին Մէջ

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ իր կարգին ընդունեց Լաքրուան, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, թէ միջազգային խաղաղապահ ուժերը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` պաշտպանելու համար սահմանային կայունութիւնը:

Լաքրուա ընդգծեց լիբանանեան իշխանութիւններուն հետ առողջ գործակցութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը:

Այցելութիւն Պաշտպանութեան Նախարարին

Լաքրուա եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելեցին պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Պու Սաապի:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտը դրուեցաւ լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութեան վրայ:

Պու Սաապ անդրադարձաւ Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ իսրայէլեան օդուժին գործած ոտնձգութիւններուն, որոնց շրջագիծին մէջ ան զարմանք յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք եղած կարեւորութեամբ չի վարուիր այդ խախտումներուն հետ, մինչդեռ Լիբանանի կողմէ Իսրայէլի դէմ ենթադրեալ ոտնձգութիւններու պարագան լուսարձակի տակ կ՛առնուի:

Ապպաս Իպրահիմ Կ՛Ընդունի Լաքրուան

Լաքրուա եւ անոր ընկերակիցները այցելեցին նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը եւ Ընդհանուր ապահովութեան ու ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը` պաշտպանելու համար սահմանային շրջանի կայունութիւնը:

 

Նախորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Կառավարութիւնը Համախմբուած Կերպով Պէտք Է Իրականացնէ Տեղահանուածներուն Ապահով Տունդարձը» Շեշտեց Քանաան

Յաջորդը

Հաշտութիւն` Հարիրիի Եւ Ռիֆիի Միջեւ. Ռիֆի Պիտի Զօրակցի Ժամալիին

RelatedPosts

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Արտերկրի Լիբանանցիները Իրաւունք Ունին Քաղաքական Կեանքին Մասնակցելու»

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?